Հունգարիա
Գերապատիւ տէր Աւետիք վրդ. Յովհաննէսեանը յատուկ առաքելութեամբ Հունգարիա մեկնեցաւ, Ապրիլ 24-ի նահատակներու յիշատակին սուրբ եւ անմահ Պատարագ մատուցելու համար Պուտաբեշտի «Հայ Կաթողիկէ Հոգհոգւոց» կեդրոնին մէջ: Արարողութեան ներկայ էր տեղւոյն առաջնորդ կարդինալ Փեթեր Էօրտէոյի ներկայացուցիչ քահանան եւ մօտ 100 հաւատացեալ հայորդիներ, որոնք եկած էին իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն նահատակ զոհերու յիշատակին: