Հինգշաբթի, 15 Հոկտեմբեր 2009 - Դոկտ. հայր Լեւոն Ծ. Վ. Զէքիեան կը բանախօսէ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան մասին

 

Պէյրութ, Լիբանան

Դոկտ. հայր Լեւոն Ծ. Վ. Զէքիեան կը բանախօսէ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան մասին

Երեքշաբթի 13 հոկտեմբեր 2009, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Աշրաֆիէյի «Արարատեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ազատ ամպիոն՝ «Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնը՝ այսօր եւ վաղը» նիւթով, կազմակերպութեամբ հայ կաթողիկէ համալսարանականներու միութեան: Այս հանդիպման ներկայ էին Արհի. Նշան Արք. Գարաքէհէեան, Արհի. Մանուէլ Եպս. Պաթագեան, Արհի. Վարդան եպս. Աշգարեան, վատիկանի վսեմ. նուիրակ Կովկասի մէջ Քլաուտիօ Գուճերոթի, գերապատիւ հայրեր ու մտաւորականներ:

Այս բանախօսութեան զեկուցաբերն էր դոկտ. հայր Լեւոն Ծ. Վ. Զէքիեանը, իսկ զրուցավարը՝ Սարգիս Նաճարեան, որ ակնարկեց նախ հայ-թրքական վերջին իրադարձութիւններուն, յայտանաբերելով սփիւռքահայութեան դիրքորոշումը հայաստանի ու թուրքիոյ արձանագրութիւններու ստորագրութեան: Ան շեշտեց, որ վերջին դէպքերը հայ ժողովուրդը դրին ճակատագրական հանգրուանի մը դիմաց, նկատել տալով որ յաջողութեամբ դիմագրաւելու համար պէտք է Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները ընթանան ճիշդ ձեւով:
Օրուան բանախօս դոկտ. Լեւոն Ծ.Վ. Զէքիեան անդրադարձաւ հայրենիք-սփիւռք յարաբերութեան տարբեր դիտանկիւներէ: Ան նկատել տուաւ որ Միջին Արեւելքի արտագաղթը համազօր է Հայաստանի արտագաղթին: «Սփիւռքը երկդիմի յղացք է» աւելցուց բանախօսը. ան ըսաւ որ միջին արեւելեան եւ արեւմտեան գաղութներու միջեւ անջրպետային ովկիանոս մը կը գոյանայ եւ առկայ է մեծ կառոյցային տարբերութիւնը: Ինչ կը վերաբերի լեզուին, ան նկատել տուաւ, որ արեւմտահայերը շատ աշխատանք ունին տանելիք լեզուի կանոնագրման գծով: Փոխադարձ խորհրդակցութեան հարցը անհրաժեշտ նկատեց եւ բաձատրեց, որ գիտաժողովներ տեղի ունեցած են այս ուղղութեամբ, սակայն շօշափելի արդիւնքներու չեն հասած: Ան պարզեց նաեւ քաղաքացիի եւ ազգութեամբ հայու գաղափարականներու տարբերութիւնը, հայաստան ապրող  եւ արտերկրի հայերու տարբերութիւնը: Բանախօսը մանրամասն բաձատրեց հայերէն լեզուի ուղղագրութեան մասին: Հանդիպման աւարտին, առիթը տրուեցաւ ներկաներուն՝ հարցումներ ուղղելու բանախօսին:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ