Ժամհուր, Լիբանան
Կիրակի 4 Հոկտեմբեր 2009-ին, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց նախագահեց սուրբ Պատարագը, Ժամհուրի Տիրամօր եկեղեցւոյ մէջ, դպրոցի նախկին սաներու կազմակերպած Հայկական մշակոյթի նուիրուած օրուան առթիւ: Այս հանդիսաւոր սուրբ պատարագին մասնակցեցաւ Գեր. Հ. Եղիա Ծ.Վ. Եղիայեան, ներկայ էին նախկին նախարար՝ Միշէլ Էտտէ, Ժամհուր դպրոցի տնօրէն հայրը, Սէն-Ժօզէֆ համալսարանի եւ Ժամհուր վարժարանի նախկին սաներու միութեան վարչութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանի ներկայ ու նախկին սաներու պատուիրակութիւն մը: Նշենք, որ Կռունկ պատրիարքական երգչախումբը հոգաց Ս. Պատարագին երգեցողութիւնը, Սէն-Ժօզէֆ եկեղեցւոյ երգչախումբի կողքին: