Վատիկան
11 ապրիլ 1963-ին Յովհաննէս ԻԳ Քահանայապետը ստորագրեց «Pacem in terris - Խաղաղութիւն Երկրի Վրայ» շրջաբերական նամակը, որուն մէջ Սրբազան Քահանայապետը կը յորդորէր բոլոր ազգերու միջեւ «տիեզերական խաղաղութեան հաստատումը» հիմնուած ճշմարտութեան, արդարութեան եւ ազատութեան գաղափարականներու վրայ։ Յովհաննէս ԻԳ Քահանայապետի այս նամակին մասին մատնանշելով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յոյս յայտնած է որ «Pacem in terris - Խաղաղութիւն Երկրի Վրայ» շրջաբերական նամակը շարունակէ քաջալերել ազգերը յանձնառութեամբ աշխատելու բոլոր մակարդակներու վրայ հաշտութեան եւ խաղաղութեան հաստատումին ի սպաս։
http://hy.radiovaticana.va/news/2013/04/11/%D5%AD%D5%A1%D5%B2%D5%A1%D5%B2%D5%B8%D6%82%D5%A9%D5%AB%D6%82%D5%B6_%D5%A5%D6%80%D5%AF%D6%80%D5%AB_%D5%BE%D6%80%D5%A1%D5%B5_%D5%B7%D6%80%D5%BB%D5%A1%D5%A2%D5%A5%D6%80%D5%A1%D5%AF%D5%A1%D5%B6%D5%AB_50_%D5%A1%D5%B4%D5%A5%D5%A1%D5%AF%D5%A8/arm-682018