Պէյրութ
Հինգշաբթի, 14 ապրիլ 2011, ամենապատիւ Հոգեւոր տէրը ընդունեց «Oeuvre d’Orient» հաստատութեան ընդհանուր տնօրէն հայր Փասքալ Կոլնիշը։ Հանդիպման ներկայ գտնուեցան Զմմառու վանքի մեծաւոր գերյ. հայր Միքայէլ թ.ծ.վ. Մուրատեան, ժողովրդապետներ՝ հայր Սարգիս վրդ. Դաւիթեան, հայր Մեսրոպ ծ.վ. Թոփալեան, հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան, տէր Ալիշան քհնյ. Աբարթեան, քոյրեր՝ Արմինէ Մակարոսեան, Անայիս Քիրիքեան, Իզապէլ եւ Դաւիթեան։ Ինչպէս նաեւ ներկայ գտնուեցան տիկին Ռիթա Ժամկոչեան, պարոն Կրէկուար Գալուստ, տոքթ. Լեւոն Նալջայեան եւ տոքթ. Կոստան Եափուճեան։
Հոգեւոր տէրը ներկայացուց հիւրին հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան պատմականը վերջին դարաշրջանին, անդրադառնալով նաեւ պատրիարքութեան ներկայ իրավիճակին։ Ապա «Oeuvre d’Orient» հաստատութեան ընդհանուր տնօրէն հայր Փասքալ Կոլնիշը մէկ մէկ մտիկ ըրաւ բոլոր ներկաներուն, որոնք ներկայացուցին իրենց իրավիճակը եւ դիմումները։