Երկուշաբթի, 15 Հոկտեմբեր 2012 - Կիրակնօրեայ Խօսքը. Ճանչնա՛նք Հայերէն Առաջին Հնատիպը` «Ուրբաթագիրք»-ը

 

Սիրելի՛ ընթերցող, այս սիւնակը կը գրեմ Սուրբ Ղազարէն` Մխիթարեան միաբանութեան մայրավանքէն, որ իր դիւանով, թանգարանով, ձեռագրատունով ու մատենադարանով կը հանդիսանայ մին հայութեան մշակութային ամենաճոխ կեդրոններէն:

Բայց նախ եւ առաջ, իր երանաշնորհ հիմնադրին` Մխիթար Աբբահայր Սեբաստացիին (1676-1749) սրբաբոյր դամբարանով ու հոգեմտաւոր կտակով, ինչպէս ալ կտակակատար հանճարեղ միաբան-ժառանգորդներու բազմաբնոյթ գործունէութեամբ ի նպաստ հայութեան հոգեւոր, բարոյական, կրթական, իմացական եւ գիտական աննահանջ վերելքին:

Երկօրեայ այցելութեանս նպատակն է յառաջիկային հրատարակելիք իմ երկիս համար ուսումնասիրական ներկայացումը «Ուրբաթագիրք»-ին, որ մատենադարանին հնատիպերուն առաջինն ըլլալով` հազուագիւտ եւ թանկարժէք գանձերէն է այս ճոխ հաւաքածոյին:

Ի՞նչ է «Ուրբաթագիրք»-ը, ինչո՞ւ համար կը կոչուի «Ուրբաթագիրք», ո՞վ է հեղինակը «Ուրբաթագիրք»-ին, ո՞ւր եւ ե՞րբ տպուած է «Ուրբաթագիրք»-ը, ո՞վ է տպագրողը «Ուրբաթագիրք»-ը, ի՞նչ է բովանդակութիւնը «Ուրբաթագիրք»-ին…

Փորձեմ համառօտ պատասխանել այս հարցումներուն, որոնք ստէպ ուղղուեցան տրուպիս, բայց մանաւանդ այս վերջին ամիսներուն, եւ այն` ամէն մակարդակի, դասի ու մարզի հոգեւորական եւ աշխարհական հայորդիներէն, որոնց հետաքրքրութեան զարնուեցան հայերէն տպագրուած առաջին մատեանին 500-ամեայ յոբելեանին տօնախմբումները:

«Ուրբաթագիրք»-ը հայաշխարհին առաջին տպուած եւ հրատարակուած գիրքն է` այսպէս դառնալով մեկնակէտն ու երախայրիքը 1000-է աւելի ցայսօր ծանօթ հայատառ յորջորջեալ «հնատիպ» մատեաններուն:

«Ուրբաթագիրք» կը կոչուի պարզապէս այն իրողութեան համար լոկ, որ նախ` այս մատեանին մէջ ընդգրկուած նիւթերուն առաջինը ունի այս վերտառութիւնը. «Ուրբաթ աւր (օր) կամ չորեքշաբթի տանին զհիւանդն ի դուռն եկեղեցոյն…»: Երկրորդ` տպագրիչ-հրատարակիչը այսպէս խորագրեց իր աշխատութիւնը. «Անուն գրոցս է սուրբ ուրբաթագիրք»:

«Ուրբաթագիրք» վերտառեալ ձեռագիր հաւաքածոները սկսած են ընդօրինակուիլ հաւանաբար ԺԵ. դարուն: Գիտաշխարհին ծանօթ հնագոյն «Ուրբաթագիրք»-ը օրինակուած է 1476-ին, որ 3248 համարով կը պահուի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանին մէջ, Երեւան:

Իբրեւ գրքային ամբողջութիւն` «Ուրբաթագիրք»-ը մէկ հեղինակ չունի, քանի ժողովածու միաւոր է ծանօթ մատենագիրներէ ու գրութիւններէ, որոնց հեղինակներն անծանօթ են:

«Ուրբաթագիրք»-ը պատրաստուեցաւ, տպուեցաւ եւ լոյս ընծայուեցաւ Վենետիկ քաղաքին մէջ, 1512-ին, գերմանացի Եոհան Կիւթենպերկի (1400-1468) տպագրական գիւտէն միայն 60-65 տարի ետք` այսպէս մեր ազգը դարձնելով տասներորդը համաշխարհային տպապատմութեան եւ երկրորդը արեւելցի ժողովուրդներուն մէջ, որոնք մուտք գործեցին տպագրական աշխարհէն ներս:

Ինչ որ Եոհան Կիւթենպերկ անգերազանցելիօրէն հանդիսացաւ իր ժողովուրդին ու մարդկութեան համար, նոյնը անգերազանցելիօրէն հանդիսացաւ իր ազգին ու տոհմային մշակոյթին համար Յակոբ Մեղապարտ վարդապետը` տպագրողն ու հրատարակիչը հայերէն առաջին հինգ հնատիպ մատեաններուն (1512-1514):

Իր տպագրական գործին աննախընթացութեամբ եւ անոր առթած արդիւնաւէտութեամբ որքան օգտակար ու մեծ է, նոյնքան իր անձին թաքնութեամբ եւ իր մնացեալ գործունէութեան անյայտնութեամբ համարեա եզակի է Յակոբ Մեղապարտ, որուն կենսագրութեան մասին ոչ մէկ յստակ ու թանձրացեալ տուեալներ ունինք:

«Ուրբաթագիրք»-ը կը բովանդակէ աղօթքներ, սաղմոսներ, պատմուածքներ, մաղթանքներ ու աստուածաշնչական հատուածներ Սուրբ Մատթէոս, Սուրբ Մարկոս, Սուրբ Ղուկաս եւ Սուրբ Յովհաննէս աւետարանիչներէն: Ամէնէն ժողովրդական աղօթքը կը վերագրուի «Սրբոյն Կիպրիանոս»-ին, իսկ նշանաւորագոյնն է «Աղօթք սրբոյն Գրիգորի Նարեկացոյն», որ կը սկսի այսպէս. «Որդի Աստուծոյ կենդանւոյ աւրհնեալդ ամենայնի…»:

Իր «Ուրբաթագիրք»-ով 500-ամեայ անցելապանծ յոբելեանը կերտող Յակոբ Մեղապարտ գոյացուց այն մատենամշակութային իմացութիւնը, իրականութիւնը, հարստութիւնը, որ հայագիտութեան մէջ ծանօթ է «հայկական տպագրութիւն» հաւաքանունին տակ:

«Հայկական տպագրութիւն»-ը, հնամատեանի (1512-1700), Մխիթարեան վերածնունդի (1701-1850), անցման շրջանի (1801-1850), նոր շրջանի (1851-1920), խորհրդահայ-սփիւռքահայ (1921-1991) ու ժամանակակից (1991-2012) տպամարզերուն մէջ 100,000-է աւելի անուն գիրքերու եւ 3000-է աւելի անուն պարբերականներու, հայ ազգագրութեան ու ծիսակարգին 847 տոմարներու, տօնացուցակներու, օրացոյցներու, տօնացոյցներու եւ տարեցոյցներու, ինչպէս ալ 1167 անուն հայատառ թրքերէն գիրքերու բերքով, իր յարաճուն զարգացումին եւ անխափան ընթացքին հոլովոյթին մէջ հայերէն  ու հայատառ գրութիւններու տպային լոյս ընծայումն է, հրատարակութիւններու վերարտադրութիւնն է եւ տպաքանակի բազմացումն է` ըլլան այդ գիրքերը հեղինակութիւն ու թարգմանութիւն:

«Հայկական տպագրութիւն»-ին այս թուականներուն եւ թիւերուն, քանակին եւ որակին նախակարապետ «հայ Կիւթենպերկն» հանդիսացաւ Յակոբ Մեղապարտ` «1512-ին մտաւորական լուսաւորութեան կեդրոնավայր Վենետիկ քաղաքին մէջ ռահվիրայ անձնաւորութիւն մը», որուն առջեւ ակնածալից կը խոնարհին ոչ միայն հայերը, այլ նաեւ` օտարազգիները:

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Վենետիկ, 11 հոկտեմբեր 2012


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ