Հինգշաբթի, 29 Յունուար 2015 - ՀՀ Սփյուռքի նախարարը այցելեց Աւանի Մխիթարեան վարժարանը

 

 

Աւան (Երեւան)

Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարար Տիկին Հրանուշ Յակոբեանը այցելեց Աւանի Մխիթարեան վարժարանը, ուր վարժարանի սաները  գլխաւորութեամբ վարժարանի տնօրէն գերապատիւ հայր Սերովբէ վարդապետ Չամուրլեանի զինք դիմաւորեցին աղուհացով:

Ողջունելով վարժարանի սաները` Սփիւռքի նախարարը նշեց, որ այս 2015 տարին շատ պատմական է եւ պատասխանատուութեան առջեւ կը դնէ ամէն հայ: Կը լրանայ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը եւ իւրաքանչիւր հայ պէտք է պայքարի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման և հետեւանքներու վերացման համար:

Նախարարը նաեւ յորդորեց պատանիներուն լաւ սորվիլ, գիտութեան տարբեր ասպարէզներուն մէջ կայանալ եւ նպաստել Հայրենիքի հզօրացման եւ Հայ Դատի արդարացի լուծումին:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ