Պէյրութ, Լիբանան
Ուրբաթ, 5 Մարտ 2010-ի երեկոյեան ժամը 6։30-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 2009 թուականին պրէօվէի պետական քննութիւններուն հայկական վարժարաններու գերազանց արդիւնք արձանագրած աշակերտութեան պարգեւատրումի արարողութիւնը, կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ. Լ.Ե.Մ.-ի կեդրոնական վարչութեան, ներկայութեամբ հայկական վարժարաններու տնօրէններու, կրթական պատասխանատուներու, ուսուցիչներու, ծնողներու եւ աշակերտներու։
Ձեռնարկին
պատգամախօս՝ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Պր. Կրէկուար Գալուստ մեծապէս գնահատեց այս նախաձեռնութիւնը, յայտնելով որ «կարճ դադարէ յետոյ դարձեալ կու գայ քաջալերելու համար հայ աշակերտը, եւ ի մասնաւորի՝ հայ դպրոցը»։ Ան հաստատեց, թէ ուսումնատենչ երիտասարդութիւն ունենալու համար անհրաժեշտ է ոչինչ խնայել, որպէսզի հայ երիտասարդութիւնը հասարակութեան մաս կազմէ իբրեւ զարգացած, կիրթ, առողջ հոգեբանութեամբ առաջնորդուող մարդկային ընկերութիւն մը, որուն անդամները կարողութիւնը կ՚ունենան ապրելու ու գործելու իբրեւ իրաւ «մարդ»։ Ան կարեւոր նկատեց այս հաւաքը, որպէս միասնականութեան իւրայատուկ կոչ, քաջալերելով այսպիսի համախմբողական ձեռնարկները ի խնդիր գաղութային կեանքի բարելաւման։
Սոյն արարողութեան ընթացքին պարգեւատրուեցան 5 աշակերտներ, որոնցմէ՝ Նայիրի Սգայեան եւ Տիանա Եղիա Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանէն, գրաւեցին առաջին եւ երրորդ դիրքերը բոլոր լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտներուն մէջ։