Պէյրութ
Երգուշաբթի, 20 ապրիլ 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7-ին, Ֆանարի (Լիբանան) Սրբոց Հռիփսիմեանց Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ նորակերտ խաչքարի օրհնութիւնը՝ ձեռամբ Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով: Ստորեւ կու տանք Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ խօսքը արտասանուած այս առթիւ:
«Գեղակերտ Խաչքարը զոր օրհնեցինք եւ որուն բացումը կատարեցինք՝ շօշափելի մէկ արտայայտութիւնն է Հայոց գողգոթան եւ ապա հրաշափառ յարութիւնը խորհրդանշող այն Խաչին որուն ներշնչումով գործած են եւ կը շարունակեն գործել Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերը 1847-էն ի վեր։
Նախախնամական եղած է Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան հիմնադրութիւնը առաջին հայազգի կարդինալ Անտոն Պետրոս Թ.Հասունեան Կաթողիկոս Պատրիարքին կողմէ։ Արդարեւ, իրենց կեանքի գնով՝ հայ կաթողիկէ ուխտապահ քոյրերը հաւատարիմ մնացած են լուսաւորչեան հաւատքին եւ Եկեղեցւոյ ու ազգին ծառայելու իրենց կոչումին։ Այդ հաւատարմութեան վկայութիւնները կը հանդիսանան անոնց աշխարհասփիւռ առաքելավայրերը, որոնցմէ մէկուն շրջափակին մէջ կը գտնուինք այս պահուս, Տիար Շահէ Պոյաճեանի նման ազնուասիրտ հայորդիի մը բարերարութեամբ կանգնեցուած այս Խաչքար յուշակոթողին շուրջ։
2015 տարեթիւը պատմականօրէն նշանակալից է հայրենաբնակ թէ աշխարհասփիւռ համայն Հայութեան համար։ Զայն նշանակալից դարձնելու մեր ժողովուրդին վճռականութիւնը ակնյայտ է ամենուրեք, թէ՛ Սփիւռքի եւ թէ՛ Հայաստանի մէջ։
Հայկական պետականութեան առաջնորդութեամբ, Եկեղեցի ու ժողովուրդ՝ կոչուած ենք աւելի եւ աւելի ուժեղ հնչեցնելու ազգային պահանջատիրութեան սարդարապատեան ղօղանջները համաշխարհային հրապարակներուն վրայ, քաղաքակիրթ ըլլալ յաւակնող միջազգային հասարակութեան յիշեցնելու ու անընդհատ վերյիշեցնելու 1915-ի Հայոց Գողգոթան եւ պահանջելու անոր հետեւանքներուն դարմանումը, որ կը սկսի պատմական Ճշմարտութեան ճանաչումով, Արդարութեան եւ հայրենահանուած ու ցեղասպանուած մեր ժողովուրդի անկորնջելի իրաւունքներու վերականգնումով։
Ապրիլեան Նահատակաց Յուշակոթողներուն շուրջ` 100 տարիէ ի վեր, ամէն տարի տեղի ունեցող ոգեկոչական հաւաքները սովորամոլ երեւոյթներ չեն, այլ մեր հաւաքական յիշողութեան անջնջելիութիւնը ցոյց տուող վկայութիւններ, այդ յիշողութիւնը սերունդէ սերունդ փոխանցելու հանգրուաններ։ Անոնք կը վկայեն որ հայ ժողովուրդին դէմ պետականօրէն ծրագրուած ու ամէնէն զարհուրելի միջոցներով գործադրուած ցեղասպանութիւնը ոչ միայն չմոռցուեցաւ, այլ յանուն Ճշմարտութեան ու Արդարութեան եւ կանխելու համար ցեղասպանական արարքներու կրկնութիւնը՝ զայն ճանչնալու ու դատապարտելու պահանջը տարուէ տարի աւելի մեծ եւ համաշխարհային թափ ստացաւ, ինչպէս ցոյց տուաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կողմէ Ապրիլի 12¬ին, Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի պազիլիքային մէջ մատուցուած մեծաշուք սուրբ Պատարագը եւ Անոր կատարած կոչը միջազգային հասարակութեան՝ ճանչնալու ու դատապարտելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Սրբազան պապը իր վկայութեամբ ցնցեց համաշխարհային հանրային կարծիքը։ Ան յանցագործութեան մեղսակցութիւն նկատեց լռութիւնն ու անտարբերութիւնը պատմական իրողութեան դիմաց։
Աշխարհի բոլոր կողմերը կանգնեցուած Ապրիլեան Նահատակաց նուիրուած յուշարձաններուն նման՝ այս Խաչքարը պիտի ըլլայ ամենօրեայ յուշարար մը՝ ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգորդներուս յիշեցնելու համար ոչ միայն իրենցմէ մեզի կտակուած իրաւունքները ձեռք բերելու պահանջը անհատապէս եւ հաւաքաբար հետապնդելու իւրաքանչիւրիս յանձնառուութիւնը, այլ մեր արմատներուն եւ անկէ բխած արժէքներուն, մեր՝ Հայու ինքնութեան յատկանիշերուն կառչելու հրամայականութիւնը։ Իւրաքանչիւր Ապրիլեան Յուշարձան մեր ժողովուրդին մշտահունչ խօսափողն է միջազգային հասարակութեան յիշեցնելու համար Հայ Դատը՝ որ իր արդար լուծումին կը սպասէ։ Այդ լուծումին ճանապարհը կ'անցնի պատմական ճշմարտութեան ճանաչումէն եւ արդար հատուցումէն։
Ամէն Հայ, աշխարհի որ անկիւնն ալ գտնուի, կոչուած է դառնալու քառակերտ այս յուշարձաններէն փոխանցուող պատգամներուն արձանգանգող կենդանի յուշարձան։ Այն ժամանակ, վստահ կրնաք ըլլալ որ Աստուած պիտի արձագանգէ հայ ժողովուրդի ձայնին, որ ապրիլի 12-ին, Ֆրանչիսկոս պապին հրաւէրով Մենք հնչեցուցինք՝ Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի պազիլիքայի սրբադրոշմ կամարներուն ներքեւ համախմբուած՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին, Ամենայն Հայոց եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառներուն հետ միաբերան»։