Ուրբաթ, 12 Դեկտեմբեր 2008 - Լուսին Գաբրիէլեանի Մանրանկարչական Գործերու Ցուցահանդէս

Լիբանան

 
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի հիմնադրութեան 70 ամեակի առիթով ծրագրուած մշակութային ձեռնարկներու ծիրին մէջ, նախագահութեամբ դոկտ.Մովսէս
 
Հերկելեանի, Հինգշաբթի 11 Դեկտեմբեր 2008-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, բացումը տեղի ունեցաւ տաղանդաւոր արուեստագէտուհի՝ Լուսին Գաբրիէլեանի մանրանկարչական գործերու անհատական ցուցահանդէսին:
Լուսին Գաբրիէլեան՝ 1983-ին աւարտած է Հալէպի Ազգային Քարէն եւ Եփփէ Ճեմարանը (Սուրիա) եւ Հալէպի «Արշիլ Կորքի» եւ «Մարտիրոս Սարեան» գեղարուեստից ակադեմեաները:
1997-ին եղած է շրջանաւարտ Երեւանի Գեղարուեստի Պետական Ակադեմիայի, արժանանալով Մագիստրոս Արուեստից վկայականին եւ մասնագիտանալով «Մեսրոպ Մաշտոց» Ազգային Մատենադարանի մանրանկարչութեան ճիւղին մէջ:
1996-2000, Հայաստանի մէջ հետեւած է Ֆրանսերէնի, հին յունարէնի, գրաբարի եւ համակարգիչի դասընթացքներուն:
1983-2006 Լուսին Գաբրիէլեան ունեցած է նկարչութեան դասաւանդման մանկավարժական գործունէութիւն, Սուրիոյ, Հայաստանի եւ Լիբանաի կրթական եւ բարեսիրական զանազան հաստատութիւններուն մէջ:
1992-ին ունեցած է իր առաջին անհատական ցուցահանդէսը Հալէպի «Լեւոն Շանթ» ցուցասրահին մէջ:
2004-2006 կատարած է որմանկարներու եւ եկեղեցական սպասներու մանրանկարչական ձեւաւորումներ Զմմառու վանքին մէջ:
2001-2007 մասնակցած է զանազան հաւաքական ցուցահանդէսներու եւ կատարած է ամսագրային նկարազարդումներ:
 

 
Ցուցահանդէսին բացման խօսքով հանդէս եկաւ վարժարանի արտադասարանային ծրագիրներու պատասխանատու եւ «Մեսրոպեան Լրաբեր» ամսաթերթի պատասխանատու խմբագիր Կարինէ Թաշճեան, որ ըսաւ. «Լուսին Գաբրիէլեանի անհատական ցուցահանդէսը կազմակերպելով լայն հասարակութեան համար, մեր վարժարանը իր նպաստը բերել կÿուզէ Լիբանանի մէջ հայ իրաւ արուեստի տարածման, ինչպէս նաեւ անոր նուիրեալներու ծանօթացման գործին»: Ան նաեւ աւելցուց, որ վարժարանի տնօրէնութիւնը «կը հաւատայ, որ արուեստն ու գեղագիտութիւնը իրե՛նք նաեւ միջոցներ են նորահաս սերունդներու կրթութեան եւ դաստիարակութեան, որուն կը ծառայէ մեր վարժարանը ահաւասիկ 70 տարիէ ի վեր»:
Տիկ. Թաշճեան իր խօսքին մէջ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան նախագահութիւնը սիրով ստանձնած լիբանանահայ արուեստաբան Դոկտ. Մովսէս Հերկէլեանին, սիրով փոխանցելով խօսքը անոր:
Իր խօսքին մէջ Դոկտ. Հերկէլեան բարձր գնահատեց  Մեսրոպեան վարժարանի գործունէութիւնը, յատկապէս այն ուշադրութիւնն ու նուիրումը, որ վարժարանը կը տածէ յատկապէս հայ արուեստին նկատմամբ, առ այդ հետեւողականօրէն ամէն տարի կազմակերպելով գեղանկարչական  տարբեր ցուցահանդէսներ: Այնուհետեւ արուեստաբանը անդրադարձաւ արուեստագիտուհի Լուսին Գաբրիէլեանի արուեստին, հաստատելով, որ «Լուսինը այն բացառիկ քիչերէն է, որոնք մշակոյթ կերտելու կոչուած են իրենց ասպարէզով, իրենց մասնագիտութեամբ»:
Այնուհետեւ ներկաները հրաւիրուեցան դիտելու ներկայացուած թիւով 129 գործերը, որոնք իրենց մէջ կÿամփոփէին հայ մանրանկարչութեան հարուստ աւանդն ու փորձը:
Յիշեցնենք, որ արուեստագիտուհիին որմանկարներու եւ եկեղեցական սպասներու մանրանկարչական ձեւաւորումնե¬րու կատարումներ կը գտնուին Զմմառու վանքին մէջ:
Հիմնադրութեան 70-ամեակին առիթով, Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանը վերահաստատելով իր նուիրումը հայ գիրին, գրականութեան եւ արուեստին, զօրակից կը դառնայ բոլոր անոնց, որոնք իրենց գործով կÿիրականացնեն «օգոստափառ հայ մշակոյթ»ի ծաղկումը՝ աշխարհի ամբողջ տարածքին:
Լուսին Գաբրիէլեան Հայ Քրիստոնէական սրբանկարչութեան դարաւոր աւանդներուն հաւատարիմ արուեստագիտուհին է, որուն գործը արժանի է ամենայն գնահատանքի եւ քաջալերանքի:
Ցուցահանդէսը բաց է մինչեւ Շաբաթ՝ 13 Դեկտեմբեր 2008 երեկոյեան ժամը 9:00-ը:   


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ