Ուրբաթ, 20 Փետրուար 2009 - Հայ Կաթողիկէ Գ. Հարպոյեան Վարժարան՝ Ի Յիշատակ Հրանդ Տինքի

Լիբանան

 
23 Յունուար 2009-ին, Գէորգ Հարպոյեան վարժարանին մէջ  ատենամարզանքի պահը նուիրուած էր նահատակ հրապարակագիր Հրանդ Տինքի Բ.
 
տարելիցին: Այս առիթով, միջնակարգ եւ երկրորդական դասարաններու աշակերտները պատրաստած էին կոկիկ յուշահանդէս:
Հայերէն լեզուի ու Հայոց Պատմութեան դասատու Պայծիկ Գալայճեան բացման հակիրճ խօսքով յայտնեց օրուան խորհուրդը, ապա անդրադառնալով թրքական 301 օրինագիծին, ան պարզեց թէ ինչպէս Հրանդ Տինք զոհը դարձաւ Թուրքիոյ մէջ տիրող Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացման քաղաքականութեան: Ան զոհ դարձաւ իր ունեցած յանդուգն կարծիքներուն, որոնք երբեք ընդունելի չէին կրնար դառնալ մարդասպանութեամբ յոխորտացող երկրի մը մէջ: Ապա, 12-րդ դասարանի աշակերտներէն Նարեկ Խորոզեան, անգլերէնով ընթերցեց իր կատարած մէկ ուսումնասիրութիւնը, որ ղեկավարուած էր իր անգլերէնի դասատու Նելլի Չաքմաքճեանի կողմէ: Ան իր ընթերցումին ընդմէջէն կը յայտնէր իր ընկերներուն եւ իր ցասումը հանդէպ մարդկային անարդարութեանց: 
Հրանդ Տինքի նահատակութեան Բ. Տարելիցի յիշատակին, Մարդկային Իրաւանց Հարցերու AMNESTY  կեդրոնին կողմէ պատրաստուած խտասալիկի ցուցադրութիւնը խորապէս տպաւորած էր բոլորին: Հայազգի դերասանուհի, վիպագիր Նուրիցա Մաթոսեանի կողմէ Հրանդ Տինքի ազգային կեանքի ներկայացումը բացառիկ յուզիչ ազդեցութիւն ձգած էր մէն մի աշակերտի, ուսուցիչի եւ ծնողքի վրայ: Ապա միջնակարգի աշակերտներէն հոյլ մը «Ակօս» թերթէն ընթերցեցին Հրանդ Տինքի վերջին մարգարէաշունչ յօդուածը՝ «Սպիտակ Աղաւնիի մը Հոգիով» խորագրած:
Յուշահանդէսի աւարտին, իր եզրափակիչ խօսքը փոխանցեց վարժարանի տնօրէնուհի՝ տիկ. Ռիթա Պօյաճեան: Ան նախ շնորհաւորեց ելոյթ ունեցող աշակերտները իրենց լրջախոհութեան համար, ապա ձայնակցելով 12-րդ դասարանի աշակերտներու կոչին, ինք ալ յայտնեց իր ընբոստութիւնը հանդէպ բռնատիրական աշխատանքին: «Եթէ երէկ մենք ազգովին կորսնցուցինք մէկ ու կէս միլիոն  անմեղ նահատակներ, ապա այսօր եւս հայ մտաւորական մը միացաւ անոնց յաւիտենական երթին: Ուրեմն յետայսու, մենք առաւել եւս ոգեղինացած պէտք է մարտնչինք անարդարութեան դէմ մինչեւ մեր «Մեծ Երազի» իրականացումը:
Յետ յուշահանդէսին, նկատելի էր աշակերտութեան մօտ ոգիի հզօրացման ու պայքարի մղուելու տենչը: Այսպիսի հայեցի շունչով դաստիարակուած աշակերտներէն կ’ակնկալուի միայն ամենաբարին ձգտելու համար լաւագոյնին:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ