Ուրբաթ, 7 Մարտ 2008 - Քոչարեան Ընդունեց Վատիկանի Պետական Քարտուղարը

Հայաստան

Click to enlargeՀայաստանի նախագահ Ռոպէրթ Քոչարեան 6 Մարտ 2008ին ընդունած է Վատիկանի պետական քարտուղար (վարչապետ), կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէն եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ Քոչարեան ողջունած է կարտինալը եւ անոր այցելութիւնը գնահատած է իբրեւ Հայաստանի եւ Վատիկանի միջեւ հաստատուած բարձր մակարդակի փոխադարձ գործակցութեան վկայութիւն մը եւս: Յետադարձ հայեացք մը ձգելով երկկողմանի յարաբերութիւններուն վրայ՝ նախագահը յիշատակած է 2001 թուականին Հռոմի Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապին Հայաստան այցելութիւնը, իր երկու այցելութիւնները Վատիկան, ինչպէս նաեւ տարիներ առաջ Վատիկանի մէջ բացուած «Հռոմ-Հայաստան» ցուցահանդէսը:
Ըստ Ռոպէրթ Քոչարեանի, Հայաստանի մէջ կը յիշեն եւ կը գնահատեն նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումին ուղղութեամբ Վատիկանի թափած ջանքերը, Վատիկանի մէջ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի արձանին տեղադրումը եւ վերջերս անոր անունը կրող հրապարակին բացումը: Նախագահը ընդգծած է նաեւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հետ հաստատուած արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը:
Ըստ կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէի, Կաթողիկէ եկեղեցին իր հիմնական եւ կարեւորագոյն առաքելութիւնը կը նկատէ քաջալերել տարբեր եկեղեցիներու, տարբեր ազգերու ու պետութիւններու միջեւ խաղաղութիւնն ու միասնութիւնը:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ