Պէյրութ
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը՝ երկուշաբթի, 17 նոյեմբեր 2014-ին առաւօտեան ժամը 9:30-ին, ուղեկցութեամբ տէր Ռաֆֆի Քահանայ Յովհաննէսեանի, այցելեց Յիսուսեան Միաբանութեան նախկին մեծաւոր հայր Գոլվընպախին: Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպումի ընթացքին, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը նախկին մեծաւորին ներկայացուց Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի երկերուն Ֆրանսերէն թարգմանութեան նորատիպ հատորին մէկ օրինակը: Ապա տեղի ունեցաւ գաղափարներու փոխանակում: Ամենապատիւ Հոգեւոր տէրը բարձր գնահատեց մեծ հոգեւորականին հայասիրութիւնն ու հայգիտութիւնը եւ անոր կատարած աշխատանքները: