Չորեքշաբթի, 1 Յուլիս 2009 - «Հաւատարմութիւնը Քրիստոսի, Հաւատարմութիւնը Քահանային» կը խորհրդածէ հայր Ասատուրեան

Փարիզ

 

 

Գերապատիւ Հայր Գէորգ Վրդ. Ասատուրեան՝ հովիւ Փարիզի սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ, կայքէջիս ընթերցողներուն տրամադրեց հետեւեալ խորհրդածութիւնը «Քահանայական տարի»ին առթիւ:

Շնորհակալութեամբ զայն կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն:

 

 

Սուրբ Հաղորդութիւնը՝ խորհուրդ ողորմութեան:

 

Քահանայական կոչումը շատ կարեւոր նիւթ մըն է ամբողջ Եկեղեցւոյ կեանքին համար: Քրիստոս հիմնեց քահանայութիւնը Աւագ Հինգշաբթի օրը շարունակելու համար իր առաքելութիւնը աշխարհին մէջ: Եկեղեցին կը շարունակէ աւետել Բարի Լուրը իր կղերականներուն միջոցաւ, որոնք տարածուած են աշխարհի չորս ծագերը:

Անցեալ մարտ 16-ին, Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը հռչակեց «քահանայական տարին» 19 յունիս 2009-էն սկսեալ մինչեւ 19 յունիս 2010, սուրբ Ժան-Մարի Վիանէի, Արս քաղաքի ժողովրդապետին մահուան 150-րդ յոբելեանին առթիւ:

Այս տարուան խորհագիրն է՝ հաւատարմութիւնը Քրիստոսի, հաւատարմութիւնը քահանային: Իր քահանայապետութեան շրջանին սկիզբէն ի վեր, շեշտը դրաւ քահանաներու հաւատարմութեան վրայ, եւ չի դադրեցաւ հաստատելէ կարեւորութիւնը փոխանցելու հաւատքը ամբողջ մարդկութեան, յատկապէս անոնց, որոնք Քրիստոսի անունը չեն լսած:

Հռոմի թեմի ժողովրդապետներու եւ քահանաներու հանդիպումի մը ընթացքին, Հռոմի տեղակալ եպիսկոպոսը, անդրադառնալով իր քահանայական փորձառութեան, ըսաւ: «Նկատի առնելու ենք, առանց սխալ ըմբռնելու, այն իրողութիւնը, որ 12 առաքեալները մեղաւոր ու Կալիլիոյ նահանգին մէջ արհեստաւոր մարդիկ էին, առանց ոչ մէկ պատրաստութիւն ունենալու եւ տեղեակ ըլլալու հելլենական ու լատինական մշակոյթներէն: Եւ սակայն, անոնք գացին Հռոմէական կայսրութեան բոլոր կողմերը, եւ նոյնիսկ անկէ դուրս շրջաններ, եւ հռչակեցին Քրիստոսը խոնարհութեամբ եւ ճշմարտութեամբ:

Սրբազան Քահանայապետը բաց յայտարարեց քահանայական տարին 19 յունիսին, տօն Սիրտ Յիսուսի, եւ նաեւ քահանաներու սրբութեան համաշխարհային աղօթքի օրուան առթիւ:

Դրական տարի մը կը սեպուի, որուն ընթացքին Եկեղեցին նախ եւ առաջ կոչ կÿուղղէ քահանաներուն, բայց նաեւ աշխարհի բոլոր քրիստոնեաներուն եւ համայն ընկերութեան, հաղորդակցութեան համաշխարհային միջոցներով, թէ որքան հպարտ է իր քահանաներով, եւ թէ որքան զիրենք կը սիրէ, կը պատուէ եւ իրենցմով կը հիանայ, ու երախտագիտութեամբ կը ճանչնայ անոնց հովուական աշխատանքը եւ անոնց կեանքի վկայութիւնը:

Քահանաները իսկապէս կարեւոր են ոչ միայն իրենց կատարած գործերուն համար, այլ ինչ որ կը ներկայացնեն: Քահանաները պէտք է նուիրուին իրենց առաքելութեան, ըլլալով աղօթքի եւ սիրոյ մարդիկ, որոնք իրենց կեանքը կը տրամադրեն, իրենց կոչումի իրագործման մէջ, կը փրկեն իրենց մեծ անձնազոհողութեամբ, սակայն միշտ Յիսուս Քրիստոսի, Եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդի հարազատ սէրով: Անոնք միշտ կը զօրակցին աղքատներուն եւ տառապողներուն:

Այս քահանայական տարին՝ առիթ է մեզի քահանաներուս, որպէսզի քահանայական էութեան, քահանայական կաթողիկէ վարդապետութեան, կոչումի բացառիկ իմաստին, եւ Եկեղեցւոյ ու ընկերութեան մէջ քահանաներու առաքելութեան ոյժգին խորացումի շրջան ըլլայ:

Այս տարի ուրախութիւնը պիտի ներշնչենք ըլլալու Քրիստոսի առաքեալներ, եւ զգալու պատիւը՝ ըլլալու նոր քրիստոսներ, որոնց պարտականութիւնը ըլլայ լաւ օրինակ հանդիսանալ բոլոր հաւատացեալներուն: Այս պատճառով, եւ յստակ կերպով, այս տարի պէտք է ըլլայ քահանաներուն նուիրուած աղօթքի տարի, սակայն նաեւ քահանայական խորհուրդի եւ իւրաքանչիւր քահանայի հոգեխօսութեան նորոգում:

Այս ծիրին մէջ, սուրբ Հաղորդութիւնը քահանայական հոգեխօսութեան կեդրոնը կը ներկայացնէ: Հաղորդութեան պաշտամունքը պէտք է ըլլայ քահանաներու սրբութեան, կուսաններու մայրական եւ նուիրեալ ու աշխարհական կիներու հոգեխօսութեան համար:

Քահանայական տարւոյն ընթացքին, աղօթենք առ Աստուած Եկեղեցւոյ մէջ քահանայական կոչումներուն եւ անոնց սրբութեան համար:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ