Հռոմ
21 - 24 յունիս վատիկանի մէջ տեղի կ'ունենայ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու օգնութեան բարեսիրական մարմիններու - R.O.A.C.O. կոչուած - միութեան 84 համաժողովը: Նիստին բացումը կատարեց Արեւելեան ժողովի Կառավարիչ Կարտինալ Սանտրին, որ իր խօսքին մէջ ի շարս այլ եկեղեցականներուն, յիշեց Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Գասպարեան պատրիարքը, որ 2011-ի սկիզբը կնքած էր իր մահկանացուն։
Այս համաժողովին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ Ղպտի կաթողիկէներու պատրիարքը՝ կարտինալ Անթոնիոս Նակիպ եւ Մարոնիներու պատրիարքը՝ Մար Պշարա Պութրոս Րաաի։ Անձնական փորձառութենէ մեկնելով երկու պատրիարքները ժողովականներուն կը ներկայացնեն Միջին Արեւելքի մէջ ապրող քրիստոնեաներուն ներկայ իրավիճակը ընդգծելով՝ Միջին Արեւելքի եկեղեցական հաստատութիւններու կարիքները ու այդ ուղղութեամբ կեդրոնացնելու R.O.A.C.O. ի գործունէութիւնը։
Ժողովի ընթացքին տեղի կ'ունենայ նաեւ՝ յատուկ անդրադարձ մը՝ անցեալ հոկտեմբերին (2010-ին) Վատիկանի մէջ գումարուած Միջին Արեւելքի սիւնհոդոսին, ինչպէս նաեւ սուրբ Երկրի իրավիճակին։
Ժողովին կը մասնակցին 10 երկիրներէ՝ կաթողիկէ 20 գործակալութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Երուսաղէմի առաքելական նուիրակը գերապայծառ Անթոնիօ ֆրանքօ եւ սուրբ Երկրի պահակ հայր Փիէրպաթթիսթա Փիցցապալլան։
Նիստի ընթացքին յատուկ շնորհակալութիւն պիտի յատնուի R.O.A.C.O յի նախկին քարտուղար գերապայծառ Լէոս Լէմմէնսին, որ 22 տարուայ անխոնջ աշխատանքէ ետք, կը թողու քարտուղարական պաշտօնը, քանի որ ան վերջերս Պրիւքսէլ- Մալին թեմի եպիսկոպոս անուանուած է։
Արեւելքի Եկեղեցիներու օգնութեան բարեսիրական մարմիններու միութիւնը հիմնուած է 1968-ին նախաձեռնութեամբ Արեւելեան ժողովին։ Անոր մաս կը կազմեն բարեսիրական գործակալութիւնները որոնք կը գործեն Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու ի նպաստ։ Միութեան նախագահն է Արեւելեան Ժողովի կառավարիչ կարտինալ Լէօնարտօ Սանտրին, իսկ փոխ նախագահութիւնը յաձնուած է արքեպիսկոպոս Շիրիլ Վազիլի։