Պէյրութ, Լիբանան
Հինգշաբթի՝ 24 Ապրիլ 2008ին, առաւօտեան ժամը 8:45ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պէյրութի մասնաճիւղը, ընկերակցութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի շեփորախումբին, այցելեցին Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու հայութեան մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակին եւ ծաղկեպսակներ զետեղեցին պատրիարքարանի շրջափակին մէջ գտնուող Եղեռնի նուիրուած յուշակոթողին շուրջ:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Յովիկ Մխիթարեան, Հայաշէնի հովիւ՝ Հայր Յովհաննէս Պոյաճեան եւ հայորդիներու մեծ բազմութիւն մը: Անոնց դիմաւորեցին Պատրիարքական Թեմի Փոխանորդ՝ Արհի. Հայր Վարդան Եպս. Աշգարեան եւ Ս. Կուսին Աւետման Եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ Հայր Վարդան Գազանճեան:
Ժամը 11:00ին, Հ.Մ.Մ.ի սկաուտախումբը եւ շեփորախումբը, ինչպէս նաեւ Հ.Ե.Ը.ի սկաուտները, Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի եւ Ս. Մեսրոպի սկաուտները ծաղկեպսակներ զետեղեցին յուշակոթողին առջեւ: