Երեքշաբթի, 23 Յունիս 2009 - Հոգեւոր Տէրը կը խնդրէ վերանորոգել մեր քրիստոնէական համոզումները

 

 

 

 

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ քարոզը Յիսուսի սուրբ Սրտին նուիրուած, հայրապետական սուրբ Պատարագին ընթացքին, Պուրժ Համուտի սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ:

 

Յոյժ սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,

 

            Ամէն տարի, հանդիսաւոր կերպով Սիրտ Յիսուսի տօնը կը կատարենք վերանորոգելու համար մեր քրիստոնէական համոզումները եւ արտայայտելու մեր հաւատքը հանդէպ Յիսուս Քրիստոսի Մարմնոյ եւ Արեան խորհուրդին:

            Սիրտ Յիսուսի տօնը սկիզբ առաւ 1675-ին, երբ Յիսուս երեւցաւ ֆրանսացի մայրապետի մը՝ Մարկրիթ Մարի Ալագոք անունով, եւ իրեն հետեւեալ պատգամը ուղղեց. «Իմ աստուածային Սիրտս այնքան սիրահարուած է մարդոց, որ չի կրնար այլեւս բովանդակել իր մէջը սիրոյ այրող բոցերը, ուստի եւ կ’ուզէ զանոնք տարածել մարդոց վրայ»: Եկեղեցին ճանչցաւ սրբուհի Մարկրիթին երեւումները եւ սփռեց Սիրտ Յիսուսի բարեպաշտութիւնը համայն աշխարհի վրայ, մանաւանդ Յիսուսեան Հայրերուն միջոցաւ:

            Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը միեւնոյն ճշմարտութիւնը կը հաստատէ, երբ կ’ըսէ. «Քանի որ Աստուծոյ սէրը յստակ կերպով յայտնուեցաւ Խաչափայտին վրայ, մենք՝ խորհրդածելով Յիսուսի չարչարանքներուն եւ մահուան վրայ, կ’ըմբռնենք, միշտ աւելի բացայայտ կերպով, Աստուծոյ անսահման սէրը մեզի հանդէպ»: Եւ կը շարունակէ ըսելով. «Միմիայն մեր աչքերը սեւեռելով Յիսուսի սուրբ Խաչին վրայ է որ պիտի դառնանք ճշմարիտ քրիստոնեաներ: Այն ատեն, մեր նայուածքը Յիսուսի վիրաւոր կողին վրայ պիտի մղէ մեզ լռակեաց երկրպագութիւն ընելու, բան մը որ մեզ տրամադիր պիտի դարձնէ կատարելու համար Աստուծոյ փրկարար կամքը ու միեւնոյն ատեն՝ պիտի ամրապնդէ մեր փափաքը դառնալու Յիսուսի առաքեալներ: Քրիստոսի սէրը մեզ կը տրամադրէ եւ մեզի կարողութիւն կու տայ մեր ընկերները սիրելու եւ անոնց բարիքին համար ի սպաս դնելու մեր կարողութիւնները, անշահախնդիր կերպով: Այս ձեւով միայն, կ’ըսէ սրբազան Պապը, պիտի դառնանք օգտակար գործիքներ Քրիստոսի ձեռքերուն մէջ»:

            Մեր հայրերն ու մայրերը, մեր մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը հաւատացին Յիսուսի անսահման սիրոյն: Անոնք ընդունեցան Անոր սուրբ կամքը առանց վարանումի, փոխանակեցին Քրիստոսի սէրը իրենց համեստ մարդկային սիրով՝ Անոր ընծայելով նոյնիսկ իրենց կեանքը, ինչպէս որ պատահեցաւ 94 տարի առաջ: Կ’իմանանք որ անոնց բախտակից նահատակը՝ Մարտինի Արքեպիսկոպոսը՝ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան, յատուկ ջերմեռանդութիւն ունէր Յիսուսի ամենասուրբ Սիրտին հանդէպ: Այս ջերմեռանդութիւնը զինք ամրացուց եւ աշխուժացուց իր հովուական գործին մէջ եւ զինք պատրաստեց սրբալոյս նահատակութեան, որ նախախնամական կերպով տեղի ունեցաւ Յունիս 11ին, ճիշդ սուրբ Սիրտ Յիսուսին տօնին օրը:

            Ուրիշ բազմաթիւ հաւատացեալներ ալ ջերմեռանդութիւն ունեցան Յիսուսի Ամենասուրբ Սիրտին հանդէպ, որոնցմէ ոմանք սրբութեան արժանացան: Սակայն, ուրիշներ ապերախտ գտնուեցան Քրիստոսի սիրոյ հանդէպ, ըստ նոյնինքն Յիսուսի խօսքին սրբուհի Մարկրիթին. «Ահաւասիկ այս Սիրտը որ այնքան սիրեց մարդիկը եւ ոչինչ խնայեց իր սէրը անոնց արտայայտելու: Բայց երախտագիտութեան տեղ՝ շատերէն ուրիշ բան չընդունեցաւ եթէ ոչ ապերախտութիւն եւ անարգանք, արհամարհանք եւ սրբապղծութիւն ու պաղ վերաբերմունք»: Ծանր են Յիսուսին այս խօսքերը: Մենք ալ արդե՞օք անոնց թիւէն ենք: Արդեօք մենք ապերախտ գտնուեցա՞նք երբեմն Յիսուսին հանդէպ, կամ ամէն ատեն երախտագիտութեան նշաններ ցոյց տուինք Իրեն: Բաւ է յիշել քանի ու քանի անգամներ դիմեցինք Իրեն շնորհք խնդրելու՝ մեզի կամ ուրիշին համար, եւ Ան մեր աղօթքը լսեց: Եւ եթէ Յիսուս՝ մեր ուզած ձեւովը չընդառաջեց մեր խնդրանքին, ասիկա մեր բարիքին համար է անշուշտ, քանի որ Ան, իր անսահման իմաստութեան մէջ, այսպէս աւելի յարմար դատեց:

            Յիսուս կը խնդրէ որ սուրբ Մարմնոյ եւ Արեան տօնէն ութ օր ետք, ուրբաթ օրը, իր սուրբ Սիրտին նուիրուի, եւ իբր մեղքերու հատուցում՝ սուրբ Ժամ մը երկրպագութեան յատկացուի, ինչպէս նաեւ ամսուան առաջին ուրբաթ օրը սուրբ Պատարագ մատուցուի: Կարգ մը ժողովրդապետութիւններ յատուկ Սուրբ ժամ կը կազմակերպեն, սովորութիւն մը որ երթալով աւելի կը տարածուի մարդոց բարեպաշտութեան եւ անոնց բարիքին համար: Երանի անոր որ գիտէ իր ժամանակէն մէկ ժամ խլել առանձնանալու համար Յիսուսին հետ՝ աղբիւր բոլոր բարիքներուն: Երանի անոր որ ամսուան առաջին ուրբաթ օրերը կ’աղօթէ՝ թէ իր եւ թէ ուրիշներուն մեղքերուն հատուցման համար: Ասիկա կորսուած ժամանակ մը չէ, այլ՝ մեծապէս օգտակար եւ արդիւնաւոր:

            «Մեր օրերուն, կ’ըսէ Սրբազան Պապը, վտանգ կայ որ արարողութիւնները կատարուին լոկ արտաքին ձեւակերպութեամբ, առանց մեր սիրտի մասնակցութեան եւ առանց յարգանքի ծիսակատարութեան հանդէպ»: Եւ կը շարունակէ ըսելով. «Մեծ է փորձութիւնը աղօթքի պահերը կրճատելու եւ մակերեսային ձեւով ու հապճեպով կատարելու, երբ գործերը եւ աշխարհի մտահոգութիւնները մեզ կանչեն»: Այսպէս, կը գերադասենք զանոնք Յիսուսէն առաջ: Ֆրանսայի՝ Արս գիւղի սուրբ ժողովրդապետը կ’ըսէ. «Մարդիկ եկեղեցի կու գան, կարծէք լոկ պարտականութիւն մը կատարելու, եւ կ’ուզեն վայրկեան մը առաջ մեկնիլ՝ իրենց գործերուն պարապելու համար»: Որքան ճիշդ է այս անդրադարձը ոմանց նկատմամբ, ուր սիրոյ հանդիպումը Յիսուսին հետ անիմաստ դարձած է եւ արարողութիւնները մակերեսային եւ ծանր կշռող պահեր դարձած են անոնց համար:

            Սրբազան Պապը մեր ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ ըսելով. «Պէտք չէ նկատել որպէս ապահով իրողութիւն՝ թէ հաւատք ունինք»: Արդէն, սուրբ Աւետարանը նոյնը կ’ըսէ. «Յիսուս զարմացաւ անոնց անհաւատութեան վրայ» (Մարկ 6,6): Եւ ուրիշ տեղ «Եթէ Աստուած այդպէս կը զգեստաւորէ դաշտի խոտերը, որ այսօր կան եւ վաղը կրակը պիտի նետուին, որչափ աւելի ձեզ, թերահաւատներ» (Մտթ 6,30): Եւ կամ. «Եթէ հաւատք ունենաք մանանեխի հատիկի չափ եւ ըսէք այս թթենիին՝ արմատախիլ եղիր եւ գնա՛ տնկուէ ծովուն մէջ, պիտի հնազանդի ձեզի» (Ղկ 17,6): Սուրբ Պօղոսին ազդարարութիւններն ալ միեւնոյն իմաստը կու տան, երբ կ’ըսէ. «Քննեցէ՛ք դուք ձեզ եւ տեսէք եթէ հաւատքի մէջ էք: Փորձեցէ՛ք դուք ձեզ» (Բ. Կոր 13,5): Եւ ուրիշ տեղ. «Դրամի սէրը աղբիւրն է բոլոր չարինքներուն: Ոմանք անոր կապուեցան եւ մոլորեցան հաւատքէ հեռու» (Ա. Տիմ 6,21): Իսկ սուրբ Յակոբ կ’ըսէ. « Հաւատքը առանց գործերու ապարդիւն է» (Յակ 2,20):

            Ուստի, սիրելիներս, նկատել թէ հաւատք ունիք, երբ հաւատքի գործեր չէք կատարեր՝ խափկանք է: Հաւատքը գործով կը փաստուի եւ ոչ թէ փափաքով կամ խօսքով: Ասոր համար, պէտք է յաճախ քննէք ձեր հաւատքը, ինչպէս մեզի կ’ապսպրէ սուրբ Պօղոս:

            Անկարելի է որ հաւատք ունեցողը ձանձրանայ արարողութեան ատեն, կամ պատարագի ընթացքին՝ իր քովինին հետ խօսի: Անկարելի է որ հաւատք ունեցողը նախադասէ գործը կամ ուսումը աղօթքէն առաջ: Այսպէս ընողները Աստուած երկրորդ կամ երրորդ կարգի կը դասեն: Անկարելի է որ հաւատք ունեցողը ժամանակ չի գտներ մասնակցելու ջերմեռանդական աղօթքներուն, որովհետեւ այդ կը նշանակէ թէ իր ժամանակը՝ աղօթքէն աւելի օգտակար բանի մը համար կը տրամադրէ, որ շատ անգամ՝  դրամն է:

            Հաւատք ունեցողը կը գնահատէ Աստուծոյ սէրը իրեն հանդէպ եւ Անոր երախտապարտութիւն ցոյց կու տայ: Հաւատք ունեցողը կը խոստովանի իր յանցանքները եւ Աստուծոյ ողորմութիւնը կը խնդրէ երկիւղածութեամբ: Հաւատք ունեցողը Աստուծոյ փառքը կը փնտռէ, Աստուծոյ կը վստահի եւ իր հոգերը Աստուծոյ վրայ կը ձգէ: Հաւատք ունեցողը բարիք կ’ընէ առանց ցուցամոլութեան, օգնութիւն կու տայ զուարթ հոգիով եւ առանց տրտնջելու: Հաւատք ունեցողը խոնարհ կ’ըլլայ եւ առաջին տեղերը չի փնտռեր:

            Սիրելիներ, ամենասուրբ Սիրտ Յիսուսին առջեւ կրկնե՛նք այս պաղատանքը.

            Տէ՛ր Յիսուս, մեզի հետ մնացի՛ր այսօր, վաղը եւ ամէն օր:

            Տէ՛ր Յիսուս, տու՛ր մեզի քու սուրբ Մարմինդ, որ մեզի զօրավիգ ըլլայ մեր ամենօրեայ գործերուն եւ դժուարութիւններուն մէջ:

            Տէ՛ր Յիսուս, ազատէ՛ աշխարհը չարիքի վնասներէ, ատելութեան թոյնէ եւ պատերազմներու պատուհասէ:

            Տէ՛ր Յիսուս, սրբէ՛ ու մաքրազտէ՛ Լիբանանը եւ անոր ղեկավարները քու գթառատ սիրովը, որպէսզի խաղաղ օրեր ունենանք եւ քու սուրբ Սիրտիդ սէրը ամէն տեղ տարածուի:

            Եւ Դու՛ն, ո՜վ սուրբ Կոյս Մարիամ, մեր երկնաւոր եւ գորովագին մայրը, առաջնորդէ՛ մեզ ընթանալու ուղիղ ճամբով, զօրացած երկնային սնունդով՝ Յիսուս Քրիստոսի սուրբ Մարմինով եւ սուրբ Արիւնով, որ է հաւաստիքը մշտատեւ երջանկութեան. Ամէն:     


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ