Ուրբաթ, 30 Յունուար 2009 - Ամեն. Հոգեւոր Տէրը Կը Շնորհաւորէ Ասորի Կաթողիկէ Նորընտիր Պատրիարքը

Լիբանան

Հինգշաբթի 29 Յունուար 2009-ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամեն. եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը այցելութիւն մը տուաւ Ասորի Կաթողիկէ Պատրիարքարան շնորհաւորելու համար Ասորի Կաթողիկէ նորընտիր Պատրիարքը՝ Ամեն. Մար Իղնաթիոս ԵուսէՖ Գ. Եունան, որ նախապէս Հիւսիսային Ամերիկայի Ասորի Կաթողիկէ համայնքի առաքելական կառավարիչն էր: Ան կը յաջորդէ Մար Իղնաթիոս Պութրոս Ը. Ապտըլ Ահատ-ի, որ իր հրաժարականը ներկայացուցած էր շուրջ մէկ տարի առաջ: Ամեն. Հոգեւոր Տիրոջ կ’ընկերակցէին Պատրիարքական Թեմի Փոխանորդ՝ Արհի. Հայր Վարդան եպս. Աշգարեան եւ  Թեմի Օգնական Եպիսկոպոս՝ Արհի. Հայր Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան:
Ամեն. Հոգեւոր Տէրը կը շնորհաւորէ Ասորի Կաթողիկէ համայնքը եւ կը մաղթէ բարգաւաճում նոր Պատրիարքի օրով:     


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ