Հինգշաբթի, 29 Յունուար 2009 - Գերմանիոյ Դեսպանը Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

Պէյրութ, Լիբանան

 
Երեքշաբթի 27 Յունաուր 2009-ին երեկոյեան ժամը 4:30-ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ  Տէր Ներսէս Պետրոս
 
ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանէն ներս ընդունեց Լիբանանի մօտ Գերմանիոյ դեսպանուհի՝ տիկ. Իրէն Մարիա Փլանք, որուն կ’ընկերակցէր դեսպանատան առաջին խորհրդատու՝ Մայքլ Օհնմաշ եւ Լիբանանի խորհրդարանի երեսփոխան Սերժ Թուրսարգիսեան: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւՊատրիարքական Թեմի Փոխանորդ՝ Արհի.Հայր Վարդան եպս. Աշգարեան:

Շուրջ մէկ ժամ տեւած ծանօթացման հանդիպումին ընթացքին, Հոգեւոր Տէրը դեսպանին հետ քննարկեց լեզուներու մշակութային արժէքը կարեւոր համարելով լեզուի դերակատարութիւնը միջ-մշակութային յարաբերութիւններու զարգացման :

Հոգեւոր Տէրը ընդառաջելով հիւրերու հետաքրքրութեան, լայն տեղեկութիւններ փոխանցեց Հայ Կաթողիկէ համայնքին մասին ըն‎դհանրապէս եւ Լիբանանահայ կաթողիկէ համայնքին մասին մասնաւորաբար, ինչպէս նաեւ խօսեցաւ Զմմառու դարաւոր վանքին մասին:

Իր կարգին, դեսպանուհին խօսեցաւ իր փորձառութիւններուն մասին դիւանագիտական մարզէն ներս, իսկ Մայքլ Օհնմաշ անդրադարձաւ Գերմանիոյ պատմութեան եւ աշխարհաքաղաքական դիրքին մասին:  

Հանդիպման աւարտին Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը շնորհաւորեց նորանշանակ դեսպանուհին, յաջողութիւն մաղթեց անոր եւ հրաւիրեց հիւրերը այցելելու Զմմառու Վանքը: 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ