Չորեքշաբթի, 11 Փետրուար 2015 - Նոր սերունդը առաջնորդենք «դէպի յուսատու եւ փայլուն ապագայ մը» կ'ըսէ Հոգեւոր Տէրը

 

ԶԱԼՔԱ (Լիբանան)

 

ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ

«ՍՈՒՐԲ  ԽԱՉ - ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ»  ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ 4-ՐԴ ՆՈՐԱՇԷՆ ՅԱՐԿԻՆ

 

Շաբաթ, 7 փետրուար 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7-ին, տեղի ունեցաւ «Սուրբ Խաչ - Հարպոյեա»ն Բարձրագոյն Վարժարանի 4-րդ նորակառոյց յարկի բացման հանդիսութիւնը, բարձր հովանաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ Տէր Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին, ներկայութեամբ լիբանանահայ պետական գործիչներու, բարերար նուիրատու՝ պրն. Վարուժ Ներկիզեանի, Լիբանանի կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդի նախագահ՝ հայր Պութրոս Ազարի, Զալքայի քաղաքապետ՝ Միշէլ Ասսաֆ Մըրրի, կղերական անձնաւորութիւններու, վարժարանիս բարերար անհատներու, եւ բարեկամներու:

Բացման հանդիսութեան պաշտօնական արարողութենէն՝ ժապաւէնի հատումէն ետք, ներկաները յոտնկայս ունկնդրեցին Լիբանանի, Հայաստանի եւ Սուրբ Խաչ-Հարպոյեանի քայլերգները, ապա տիկին Սոնիկ Բամպուքեանի մեկնաբանութեամբ «Ծիծեռնակ» երգին ընթացքին վարժարանիս աշակերտները բեմական արտայայտութեամբ կառուցեցին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի պատկերը: 

Բացման խօսքով Գէորգ Յակոբճեան ըսաւ, թէ «հարիւր տարիներ առաջ ծիծեռնակը բոյն կը շինէր, սակայն թուրքը փորձեց ոչնչացնել զայն: Հարիւր տարի անց, ծիծեռնակը դարձեալ բոյն կը շինէ: Ծիծեռնակը այսօր այցելած է Սուրբ Խաչ - Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարան ու հայու անպարտելի կամքի դրսեւորումով պաշտօնական բացումը կը յայտարարէ մարդակերտումի այս դարբնոցին 4-րդ նորակառոյց յարկին»: Ապա ցուցադրուեցաւ վարժարանիս պատմական ու նորակերտ յարկին աշխատանքները ամփոփող տեսերիզ մը, Յովիկ Յակոբեանի պատրաստութեամբ:

Գեղարուեստական բաժնով, «Կիլիկիա» մաղթերգի նուագակցութիւնը կատարեցին երգեհոնի վրայ՝ Լիւսի Ղարիպեան, եւ ջութակ՝ Գէորգ Ներսէսեան: Անոր յաջորդեց ասմունք՝ «Վաղուան Տունը», Մուշեղ Իշխանի համադրութեամբ, կատարողութեամբ օրդ. Սարին Փօլատեանի: Յակոբ Բամպուքեան եւ Սերուժ Գուճանեան հրամցուցին երաժշտական կտոր մը կիթառի նուագակցութեամբ: «Բարի Արագիլ» եւ «Հայաստան» երգերով ելոյթ ունեցան Կարօ Նագգաշեան, Սերժիօ Ահարոնեան եւ Տիկ. Սոնիկ Բամպուքեան:

Վարժարանի տնօրէնութեան խօսքը փոխանցեց տնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեանը, որ շեշտեց թէ գիտակից ոչ մէկ հայ կրնայ ուրանալ հայ դպրոցին անզուգական դերն ու կարեւորութիւնը մեր ազգային կեանքին մէջ: Ան նշեց, որ ամէն գիտակից հայու պարտականութիւնն է հայ դպրոցը պահել իր յառաջապահ դերին մէջ, իսկ այդ յառաջապահութիւնը կը կարօտի տնտեսական եւ բարոյական անվերապահ զոհողութիւններու: Վարժարանի 4-րդ յարկի պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը պատեհ առիթ համարելով, տիկ. Պոյաճեան մեծապէս երախտագիտութիւն յայտնեց ամենապատիւ եւ գերերջանիկ հոգեւոր տիրոջ, որուն ջանքերուն շնորհիւ կարելի եղաւ իրագործել այս հսկայական ծրագիրը, ինչպէս նաեւ այս ծրագրի յաջողութեան իր մեծածաւալ ներդրումը բերած ազնուական բարերար` պրն. Վարուժ Ներկիզեանին, համագործակցութեամբը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Պանք օֆ Շարժայի եւ Էմիրէյց Լեպանոն պանքի:

Իր խօսքին աւարտին, «Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան» Վարժարանի տնօրէնուհին խնդրեց ամենաբարձրեալն Աստուծմէ վարձահատոյց ըլլայ նուիրատու բարերարին՝ անոր աստուածահաճոյ եւ ազգաշէն գործին համար, եւ մաղթեց, որ ան շարունակէ ըլլալ նման այն բազմաբեղուն գործունեայ մեղուին, որ գիտէ ծաղիկը վերածել մեղրի, եւ շարունակէ մնալ այն հայը` որ գիտէ քա՛րն անգամ հնազանդեցնել ու վերածել հայ եկեղեցւոյ ու դպրոցի:

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան «Սուրբ Խաչ - Հարպոյեան» բարձրագոյն վարժարանին՝  կրթական առաջատար վարժարանի հանգամանքի նուաճումին համար, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ կողմէ տիկ. Ռիթա Պոյաճեանին ուղղուած Օրհնութեան Գիրը ընթերցեց արժանապատիւ Տէր Կարապետ քահանայ Թադէոսեան:

Գեղակերտ 4-րդ յարկի կառուցման ու արդի սարքաւորումներով կահաւորման աշխատանքներուն իր զօրակցութիւնն ու գերգնահատելի ներդրումը ունեցած պրն. Վարուժ Ներկիզեանի պարգեւատրումը կատարուեցաւ ձեռամբ Հոգեւոր Տիրոջ եւ տնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեանի:

Պրն. Ներկիզեան խօսք առնելով ըսաւ, թէ որեւէ եկեղեցիի կամ դպրոցի շինութիւնը, թէկուզ այդ ըլլայ ժամանակաւոր, ունի իր կարեւորութիւնը: Ան նշեց, թէ բոլոր հայերը դարերերէ ի վեր եղած են ուսումնատենչ եւ յաջողակ անձեր, այդ պատճառով հայերէն ձերբազատիլ ցանկացող անձեր թիրախ ընտրած են դպրոցներն ու եկեղեցիները՝ հայերը ոչնչացնելու եւ ջլատելու համար: Հետեւաբար, պրն. Ներկիզեան մեծ պատիւ զգալով իր զօրակցութիւնն ու օժանդակութիւնը մատուցած էր «Սուրբ Խաչ - Հարպոյեան»ի 4-րդ յարկի կառուցման աշխատանքներուն:

Հուսկ, խօսք առաւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, որ ըսաւ թէ այս տարի ձեռնարկեցին «Սուրբ Խաչ - Հարպոյեան» Երկրորդական վարժարանին զարկ տալ, կառուցանել եւ կահաւորել տալով վարժարանի շէնքին 4-րդ յարկը, նկատի առած ըլլալով անոր յարաճուն յաջողութիւնը եւ աշակերտութեան թիւին տարեկան աճը: Ան մաղթեց, որ վարժարանը շարունակէ գործել ի նպաստ հայ նորահաս սերունդներու լաւագոյն ուսումնառութեան, իրենց կրթական առաքելութեան զուգահեռ ապահովելով նաեւ նորահաս սերունդներուն դաստիարակութիւնը՝ քրիստոնէական, ազգային եւ մարդկային այն արժէքներով, որոնք զիրենք կ՚առաջնորդեն դէպի յուսատու եւ փայլուն ապագայ մը:

Հանդիսութիւնը աւարտին հասաւ Հոգեւոր Տիրոջ «Պահպանիչ»ով եւ տէրունական աղօթքով:

 

 ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ «ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ - ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ» ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ  

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ