Ուրբաթ, 21 Դեկտեմբեր 2007 - Աւստրալիոյ Դեսպանը Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

 

 
Պէյրութ, Լիբանան
 

Ուրբաթ՝ 22 Դեկտեմբեր 2007-ին առաւօտեան ժամը 11:00ին, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը, ընդունեց Լիբանանի մէջ Աւստրալիոյ դեսպանուհին՝ Լինտըլ Սաքսը: Հանդիպման ներկայ էր Ս. Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ Հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան:
Հանդիպման ընթացքին, որ երկրորդն էր Հոգեւոր Տիրոջ եւ դեսպանուհիին միջեւ, քննարկուեցան ըննդհանրապէս Միջին Արեւելքի քաղաքական կացութեան եւ յատկապէս Լիբաբանի նախագահական ընտրութիւններու վերաբերող հարցեր որոնք կը շարունակեն ստեղծել տնտեսական եւ ընկերային ծանր եւ տագնապալից պայմաններ:
Հոգեւոր Տէրը Լիբանանի նախագահական ընտրութեան կայացումը նկատեց անհրաժեշտ եւ միակ քայլը երկիրը դուրս բերելու դէպի անորոշութիւն տանող ճամբէն:  
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ընդհառաջելով մեծարգոյ հիւրին հետաքրքրութեան, լայն տեղեկութիւններ փոխանցեց Զմմառու դարաւոր վանքին մասին, ինչպէս նաեւ Հայութեան եւ մասնաւորաբար սփիւռքահայութեան եւ Աւստրալիոյ Հայ Կաթողիկէ համայնքի մասին:
Հոգեւոր Տէրը անդրադարձաւ նաեւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կազմակերպած 23-րդ Համաշխարհային Երիտասարդութեան Օրուան մասին, որ տեղի պիտի ունենայ 2008ի Յուլիսին Սիտնիյի մէջ, որուն ներկայ պիտի գտնուի Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանյապետը:
Դեսպանուհին ան‎րադառնալով 1988 թուին տուած Հայաստան այցելութեան մասին եւ բարձր  գնահատանքով արտայայտուեցաւ Հայ ժողովուրդի մասին որ իր արդիւնաւէտ ներդրումը ունի Աւստրալիոյ մէջ , միաժամանակ կառչած մնալով իր մշակոյթին ու աւանդութիւններուն, համարկուելով հանդերձ իր գտնուած երկրի միջավայրին ու պայմաններուն:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ