Հինգշաբթի, 27 Փետրուար 2014 - Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ընդունեց Քանատայի դեսպանը
Պէյրութ
Չորեքշաբթի, 26 փետրուար 2014, կէսօրուան ժամը 12-ին, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը ընդունեց Լիբանանի մօտ Քանատայի դեսպան Հիլարի Չիլտ-Ատամսը, որուն կ'ընկերակցէր դեսպանատան տնտեսական հարցերու խորհրդական Ժան Ֆիլիբ Թաշճեան:
Մէկ ժամ տեւող հանդիպման ընթացքին, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը համառօտ անդրադարձաւ համայն հայութիւնը եւ մասնաւորաբար լիբանանահայութիւնը յուզող հարցերուն եւ ներկայացուց հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ընդհանուր առաքելութիւնը:
Քանատայի դեսպանը իր կարգին խօսեցաւ Լիբանան տեղափոխուած սուրիացի գաղթականներուն մասին, ինչպէս նաեւ ընդհանուր ակնարկ մը կատարեց պատերազմներուն, հակամարտութիւններուն եւ լարուածութիւններու ողբերգական հետեւանքներուն, մանաւանդ Միջին Արեւելքի մէջ:
|