Չորեքշաբթի, 28 Հոկտեմբեր 2009 - Բենետիկդոս ԺԶ. կը շնորհաւորէ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը

Բենետիկդոս ԺԶ. Քահանայապետի շնորհաւորական ուղերձը Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին:


Երեքշաբթի 27 հոկտեմբեր 2009-ին, Սրբազան Քահանայապետը յղեց շնորհաւորական ուղերձ մը Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետին ընտրութեան տասնամեակին առթիւ:

Բենետիկդոս ԺԶ. Քահանայապետը իր եղբայրական շնորհաւորութիւնները կը յայտնէ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, եւ կ՛աղօթէ առ Աստուծոյ, որ ան Տիրոջ օրհնութեամբ  շարունակէ իր հովուական առաջնորդութիւնը Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ:

Սրբազան Քահանայապետը կ՛ողջունէ Ամենայն Հայոց Վեհափառին անհատական ներդրումը «Առաքելական եւ Կաթողիկէ Եկեղեցիներու միջեւ գոյացած երկխօսութեան, գործակցութեան եւ բարեկամութեան մէջ», որով հանդէս եկաւ զանազան հանդիպումներով Վեհափառին եւ սուրբ Պետրոսի յաջորդին միջեւ: Պապը նամակին մէջ կը խնդրէ Բարձրեալէն, որ այս «բեղուն յարաբերութիւնները» բարգաւաճին յաջորդ տարիներուն:

20-րդ դարու աւարտին, Հայ Եկեղեցւոյ վերականգնած ազատութիւնը հայրենիքին մէջ, ուրախութիւն պատճառեց բոլոր աշխարհի քրիստոնեաներուն, ինչպէս կ՛ընդգծէ Սրբազան Պապը, յիշելով Գարեգին Բ. Վեհափառին մեծ հեղինակութիւնը հայ եկեղեցական կարգ ու կանոնի վերականգման ի խնդիր, յատկանշելով հետեւաբար այստեղ արձանագրուած «նշմարելի արդիւնքները» կարճ ժամանակամիջոցի ընթացքին: Այս գծով ան կ՛ողջունէ նաեւ նոր մշակուած քրիստոնէական դաստիարակչական ծրագիրը երիտասարդներուն համար, նոր կղեր պատրաստելու, նոր ժողովրդապետութիւններ կազմելու, նոր եկեղեցիներ եւ հասարակաց հոգեւոր կեդրոններ հիմնելու, ինչպէս նաեւ քրիստոնէական արժէքներու քարոզչութիւնը կատարելու ընկերային, մշակութային եւ ազգային կեանքէն ներս:

Իր ուղերձի աւարտին, Բենեդիկտոս ԺԶ. Քահանայապետը յիշելով Հայ Եկեղեցւոյ հիմնադիր եւ պահպանիչ՝ սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը, կը խնդրէ Աստուծմէ, որ կապերը միշտ սերտ մնան հաւատքով, յոյսով եւ քրիստոնեայ բարեսիրութեամբ, ու Աստուծոյ օրհնութիւնները պսակեն Հայրապետին պաշտօնը եւ անոր առաքելութիւնը:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ