Պուրճ Համուտ
Կենդանի Մսուրի հոգեպարար եւ գեղեցիկ արարողութիւնը դարձած է աւանդութիւն Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի մանկապարտէզի մեծ ընտանիքին համար։ Իւրաքանչիւր տարի, սուրբ Ծննդեան տօներու սեմին մանկապարտէզի սիրասուն փոքրիկներու ուժերով, հետեւողութեամբ դաստիարակ ուսուցչուհիներու կը պատրաստուի իւրայատուկ բեմականացած, երգախառն ներկայացում մը, որ կը մատուցուի հաւատացեալներուն անմիջապէս «Սուրբ Փրկիչ» եկեղեցւոյ խորանէն։
Բողբոջէն Ծաղիկ դասարաններու բոլոր փոքրիկները անխտիր իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն այս հանդէսին, իւրաքանչիւրը իր դերով՝ մին դառնալով Հայր Յովսէփ, միւսը՝ Աստուածամայր, ուրիշներ՝ մոգեր ու հրեշտակներ։
Այս տարի ալ, Չորեքշաբթի, 21 Դեկտեմբեր 2011-ի առաւօտեան մեր ջանասէր փոքրիկները մեծ հաւատքով ու յուզումով ներկայացուցին «Կենդանի Մսուր»ը։ Անոնք պատմողական խօսքով ներկայացուցին Յիսուս Մանուկի Ծննդեան պատմութիւնը, եւ այդ պատմութիւնը զարդարեցին իրենց կենդանի ցուցադրութեամբ, տեղ-տեղ համեմելով իրենց հանդիսութիւնը սուրբ Ծննդեան նուիրուած հայերէն, ֆրանսերէն եւ արաբերէն երգերու կատարումով։
«Կենդանի Մսուր» պատկերի աւարտին, բոլոր ներկայ հաւատացեալներուն, ծնողներուն, հարազատներուն, ուսուցիչներուն ու աշակերտներուն առջեւ խօսք առնելով, «Սուրբ Փրկիչ» եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ հայր Սարգիս վրդ. Դաւիթեան շնորհաւորելով բոլորը տօնական օրերուն առիթով, մաղթեց, որ իւրաքանչիւր ներկայ ծնող իր տան մէջ ունենայ հաւատոյ մսուրը, այն մաքրամաքուր հաւատով, ինչպէս էր այն փոքրերունը, որոնք ներկայացուցին օրուան «Կենդանի Մսուր»ը։
Այսպիսով հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը սկսաւ Սուրբ Ծննդեան տօնակատարութիւնները վարժարանէն ներս։
ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆի