Շաբաթ, 31 Մայիս 2014 - Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը հանդիպումներ ունեցաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ նախ. Սերժ Սարգսեանին հետ

Երեւան

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը, որ որպէս Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովի անդամ՝ մասնակցեցաւ յանձնաժողովի չորրորդ նիստին, եւ նախ. Սերժ Սարգսեանին հրաւէրով՝ Սարդարապատի մէջ ներկայ գտնուեցաւ Հանրապետութեան տօնի հանդիսութիւներուն, 30 մայիսին,  այցեցեց  նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին եւ  տեսակցեցաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիսոս Գարեգին Բ.ին հետ։ Միեւնոյն օրը,  Հոգեւոր Տէրը այցելեց Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանը, ինչպէս նաեւ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւն՝ ուր հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանին հետ։
 
Երեկոյեան ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը՝ նախագահական պալատին մէջ ընդունուեցաւ նախագահ  Սերժ Սարգսեանի կողմէ:
Հանդիպման ընթացքին, Հանրապետութեան նախագահը եւ ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը կարեւորեցին պետութեան եւ հայ եկեղեցիներուն միջեւ համագործակցութիւնն ու միասնականութիւնը համազգային խնդիրներու լուծման աշխատանքին մէջ, սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան ուղղուած աշխատանքը, ինչպէս նաեւ հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւններու ընդլայնումն ու ամրապնդումը:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ