Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կը հրաւիրէ հաւատացեալները որպէս ընդհանուր դիտաւորութիւն աղօթելու որպէսզի իրենք զիրենք Աստուծոյ սիրոյն մօտ զգան մարդիկ՝ որոնց կեանքը այնքան ճնշող է որ յուսահատութեան մատնուած՝ կը փորձեն անոր վերջ տալ։
Իսկ որպէս առաքելական դիտաւորութիւն՝ Առաքելութեան համաշխարհային Օրուան տօնակատարումը թող օգնէ բոլոր քրիստոնեաներուն հասկնալու որ միայն Աստուծոյ Խօսքը լսողները չենք, այլ նաեւ Աստուծոյ Խօսքը հռչակողները: