Երկուշաբթի, 11 Յունիս 2012 - Սուրբ Հաղորդութեան նուիրուած 50-րդ միջազգային վեհաժողով Տուպլինի մէջ


Տուպլին, Իրլանտա

Կիրակի, 10 յունիս 2012,  Տուպլինի մէջ բացումը կատարուեցաւ «Հաղորդութիւնը Քրիստոսի հետ եւ մեր միջեւ» թեմայով սուրբ Հաղորդութեան նուիրուած 50-րդ միջազգային վեհաժողովին։ Այս առթիւ, Սրբազան Քահանայապետը՝ վեհաժողովը գլխաւորելու համար որպէս իր յատուկ նուիրակը նշանակած է կարդինալ Մարք Ուելլէն, եպիսկոպոսներու ժողովի կառավարիչը։ Սրբազան Քահանայապետին յատուկ պատուիրակը 17 յունիսին, Գրոք Բարք-ի մէջ պիտի եզրափակէ Տուպլինի ամենասուրբ Հաղորդութեան նուիրուած այս 50-րդ միջազգային վեհաժողովը, որուն ընթացքին նախատեսուած է նաեւ Սրբազան Քահանայապետի պատգամի մը հեռարձակումը։

Վերոյիշեալ վեհաժողովին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն համայն աշխարհէն պատուիրակներ, ի շարս որոնց՝ Հալէպի հայ կաթողիկէ թեմէն՝ գերյարգելի հայր Յովսէփ ծ.վրդ. Պեզեզեանը։

Նշենք որ առ ի պատրաստութիւն այս կարեւոր վեհաժողովին, 6 - 9 յունիսին Իրլանտայի Մայնուդ քաղաքի մէջ տեղի ունեցաւ Աստուածաբանական խորհրդաժողով մը, նուիրուած Վատիկանեան Բ. Տիեզերական Ժողովի աշխատանքներու սկզբնաւորութեան 50-րդ տարեդարձին։ Սոյն խորհրդաժողովին մասնակցեցաւ նաեւ Քրիստոնեաներու Միութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահ կարտինալ Գիւրթ Գոխը։

«Հաղորդութիւնը Քրիստոսի հետ եւ մեր միջեւ» բնանիւթը ընտրուած է Սրբազան Քահանայապետին կողմէ՝ ներշնչուած Վատիկանեան Բ. Տիեզերական ժողովի «Ազգերու Լոյս» սահմանադրութենէն, ուր գրուած է. «Սուրբ Հաղորդութեան Հացի բեկանումով» հաստատապէս կը մասնակցինք Տիրոջ մարմնին, եւ հաղորդութեան մէջ կը մտնենք Քրիստոսի հետ ու մեր միջեւ։
Տուպլինի Սուրբ Հաղորդութեան նուիրուած 50-րդ միջազգային վեհաժողովը վերջ պիտի գտնէ յառաջիկայ 17 յունիսին։

http://www.radiovaticana.org/arm/articolo.asp?c=595127


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ