Զմմառ
Լիբանանահայ կառոյցներուն եւ հոգեւոր կեդրոններուն ծանօթանալու աշխատանքներուն շրջագիծին մէջ, երկուշաբթի, 7 նոյեմբեր 2011-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի տեղեկատուական-ուսումնասիրական աշակերտական խմբակին անդամները, ընկերակցութեամբ խորհրդատու դասատու Րաֆֆի Տեմիրճեանին, այցելեցին Զմմառու վանք, ուր ծանօթացան մատենադարանին, թանգարանին եւ գինեգործարանին:
Այցելութեան ընկերակցեցաւ հայր Նարեկ վրդ. Լուիսեան, որ Զմմառու մէջ գործող հոգեւոր եւ մշակութային հարստութիւններուն մասին փոխանցեց պատմական եւ ամբողջական տեղեկութիւններ: Հայր Լուիսեան շեշտեց, որ Զմմառու վանքին մէջ կը գտնուին բազմաթիւ արխիւներ, որոնք պէտք է քննութեան առարկայ դառնան, եւ որոնց մէջ գտնուած տեղեկութիւնները ոչ միայն հայ կաթողիկէ համայնքին կը վերաբերին, այլ` համայն հայութեան խնդիրներուն մասին փաստեր եւ տուեալներ կը փոխանցեն:
Հայր Նարեկ Լուիսեան կոչ ուղղեց աշակերտութեան տէր կանգնելու հայութեան դարաւոր ժառանգութեան եւ պահպանելու ժողովուրդին հոգեւոր եւ մշակութային հարստութիւնները:
Աշակերտական խմբակին այս այցելութիւնը էապէս ծառայեց իր նպատակին, որովհետեւ արձակուրդի օրը վերածուեցաւ դասիտարակչական գիտելիքներ ստանալու շահեկան, օգտաշատ եւ միեւնոյն ատեն հաճելի պահի մը:
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ
ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ