Երկուշաբթի, 23 Փետրուար 2015 - Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին Վարդապետ Տիեզերական Եկեղեցւոյ

 

 

Պէյրութ

 

 

 

 

Վատիկանի պաշտօնաթերթ՝ «Օսերվաթորէ Ռոմանօ» օրաթերթը, երկուշաբթի 23 փետրուարի յետմիջօրէի թիւին մէջ յայտարարեց թէ սրբազան քահանայապետը շաբաթ 21 փետրուարին ընդունած է կարդինալ Անճելօ Ամաթոն, եւ այս հանդիպումին ընթացքին հաստատած է Սուրբերու Դատերու Ժողովի անդամ կարդինալներու եւ եպիսկոպոսներու առաջարկը, ըստ որուն սուրբ Գրիգոր Նարեկացին կը ներկայացուի որպէս Վարդապետ Տիեզերական Եկեղեցւոյ: Մօտ օրէն սրբազան քահանայապետը այս տիտղոսը պաշտօնապէս պիտի շնորհէ սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին, կը գրէ վատիկանի բանբերը:

 

Դիւան Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ