|
Կիրակի, 3 Սեպտեմբեր 2006 - Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսի Ս. Պատարագ
Սիրելի Եղբայրներ եւ քոյրեր,
«Գոհութիւն Աստուծոյ որ Քրիստոսով մեզ կը տանի դէպի Անոր յաղթանակը եւ մեզմով կը սփռէ ամենուրեք Անոր ճանաչումին բոյրը» (Բ. Կորն. 2,14): Այսպէս կ’արտայայտուի Ս. Պօղոսը նկարագրելով Յիսուս Քրիստոսի յաղթանակները՝ չարի եւ մեղքի դէմ, յաղթանակներ որոնց մեզ մասնակից կը դարձնէ, յաղթանակներ որոնք Իր անունով ու Իր շնորհքի ուժով կը կատարենք աւետարանացումի միջոցով, երբ պարզ ու յստակ կերպով կը ծանօթացնենք Քրիստոսը մանուկներուն, երիտասարդներուն, ընտանիքներուն, բոլորին եւ ամենուրեք, ու զիրենք չարէն եւ մեղքէն կ’ազատենք եւ Քրիստոսի կը մօտեցնենք:
Առաքեալներն ալ աշխատեցան ու Յիսուսին ուսուցումը սորվեցուցին անսակարկ նուիրումով, այն աստիճան որ կերակուր ուտելու ժամանակ չունէին, կ’ըսէ աւետարանը: Արդարեւ, ով որ համոզուած է որ Աստուած զինք կը սիրէ, չի կրնար այդ սէրը իրեն համար պահել, կարծես սեփական իրաւունք, այլ եռանդով կ’աշխատի ուրիշներուն ցոյց տալու որ անոնք ալ Աստուծմէ սիրուած են, եւ թէ Յիսուսի խօսքին հաւատարիմ մնալով երջանկութիւնը պիտի գտնեն: Որովհետեւ, հաւատքը ուրախութիւն կը պատճառէ եւ յուսալքումի առիթ չի տար:
Երբեմն կը նշմարենք հովուական գործին մէջ որ մեզմէ պահանջուածը անկարելիութեան ծիրին մէջ կը գտնուի, եւ դժուարութիւններուն դիմաց տեղի կու տանք առարկելով որ լուծում չկայ կամ չենք հասնիր: Յիսուսն ալ անկարելի բան մը խնդրեց առաքեալներէն՝ երբ իրենց հրահանգեց հինգ հազար մարդոց կերակուր հայթայթել: Եւ սակայն, երբ առաքեալները Յիսուսի խօսքին հաւատացին, իրենց աչքերովը տեսան որ մարդոց համար անկարելին, կարելի կը դառնայ Յիսուսով, կարելի կը դառնայ Անոր հաւատացողին: Պատմութեան մէջ բազմաթիւ օրինակներ կան՝ առաքեալներ որոնք առանձին հազարաւոր մարդոց սորվեցուցին Աստուծոյ խօսքը: Կը բաւէ յիշել Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը, որ քանի մը օգնականներով, ժողովուրդ մը ամբողջ դարձի բերաւ Աւետարանի լոյսին:
Մեր Եպիսկոպոսաց հերթական Սիւնհոդոսները ուրիշ նպատակ չունին եթէ ոչ այսինքն հաւատքը արծարծել մեր համայնքի բոլոր զաւակներուն մօտ: Սակայն, Եպիսկոպոսներուն այս հովուական պարտականութիւնը՝ հաւատքը արթնցնել եւ զայն հրահրել, զերծ չի կացուցաներ ծնողները իրենց դաստիարակչական առաջնակարգ պարտականութենէն իրենց զաւակներուն հանդէպ:
Հաւատքի փոխանցումը պէտք է նորոգուի ամէն սերունդին մէջ, որպէսզի ամէն տարիքի մարդիկ կարենան վայելել հաւատքին գեղեցկութիւնն ու ուրախութիւնը: Հաւատքը սակայն անձնական հարց ըլլալէ աւելի բան մըն է: Ան նաեւ հաւաքական կեցուածք է: Ասոր համար, Ս. Պատարագի ընթացքին, հաւատոյ դաւանանքին, կը գործածենք հոգնակին. կ’ըսենք «հաւատամք ի մի Աստուած» եւ ոչ թէ հաւատամ ի մի Աստուած: Ուստի, հաւատքի ուրախութեան մասնակից են բոլոր հաւատաւորները, ինչպէս կը հաստատէ նաեւ Յովհաննէս առաքեալը երբ կ’ըսէ. «ինչ որ տեսանք ու լսեցինք՝ զայն ձեզի կ’աւետենք, որպէսզի դուք ալ մեզի հետ հաղորդակից ըլլաք... Ասիկա կը գրենք ձեզի, որպէսզի ձեր ուրախութիւնը կատարեալ ըլլայ» (Ա. Յովհ. 1, 3-4): Ասոր համար սիրելիներս, հաւատքը փոխանցել մեր նոր սերունդին մեր ամբողջ հասարակութեան նուիրական եւ հիմնական պարտականութիւնն է:
Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, դուք կը շօշափէք ձեր ձեռքերովը թէ այսպիսի յանձնառում մը, այսինքն հաւատքը փոխանցել, օրէ օր կը դժուարանայ: Բայց ճիշդ ասոր համար ան աւելի կարեւոր կը դառնայ եւ հրամայական: Ամէնքս, բայց մանաւանդ մեր երիտասարդներն ու պատանիները, պէտք ունինք ապրելու հաւատքը ուրախութեամբ, եւ ճաշակել այն խոր հանդարտութիւնն ու խաղաղութիւնը որ կը ծագի Յիսուսի մօտեցումէն: Քրիստոնեային ուրախութեան աղբիւրն է իր գիտակցութիւնը որ Աստուծմէ սիրուած է, խանդագին կերպով սիրուած, սիրով մը որ մեր անհաւատարմութիւններէն եւ մեղքերէն գերազանց է, սէր մը որ կը ներէ:
Սիրելիներս, այս ապահովութիւնը եւ ուրախութիւնը, որ Աստուծմէ սիրուած ենք, պէտք է յայտնի ըլլայ շօշափելի կերպով մեր առօրեայ կեանքին մէջ: Բայց հոն հասնելու համար, պարտինք Յարուցեալ Քրիստոսին մօտենալ: Այս մօտեցումը յատուկ միջոցի կը կարօտի, որ է աղօթքը, որ կորսուած ժամանակ մը չէ՝ որ կարելի է զանց առնել ուրիշ աւելի կարեւոր գործեր կատարելու համար: Ոչ, աղօթքը՝ կարեւոր գործերէն կարեւորագոյնն է: Յիսուսի մտերմութիւնը վայելելու համար սիրելիներ, աղօթե՛նք : Աղօթե՛նք նաեւ ուրիշներուն համար, որ թերեւս աղօթել չեն գիտեր կամ չեն ուզեր եւ կամ ալ ժամանակ չեն գտներ աղօթելու:
Սիւնհոդոս, յունարէն բառ մըն է որ կը նշանակէ միասին ընթանալ, միասին քալել: Մենք կ’ուզենք, գալիք օրերուն, Ս. Հոգիին հետ միասին եւ անոր ուղիներէն ընթանալ: Ան է աղբիւրը իմաստութեան եւ գիտութեան, Ան է որ կը ղեկավարէ Եկեղեցին ու կը լրացնէ մարդոց պակասութիւնները: Պիտի խնդրէի ձեզմէ որ վստահիք Եկեղեցւոյ, որ զայն սիրէք մօր նման, որովհետեւ Անոր մէջ ներկայ է Յիսուս, ու ան ուրիշ փափաք չունի եթէ ոչ ձեր բարիքը:
Եկեղեցին, իր կարգին, հիացմունքով կը դիտէ Աստուածամօր սիրտին ու մայրական դէմքին, եւ Անոր կ’աշակերտի: Առաջին գործը որ Մարիամ կատարեց Հրեշտակի ողջոյնը ընդունելէ ետք եղաւ՝ փութով երթալ Եղիսաբեթին տունը անոր ծառայելու նպատակով: Ով որ կը սիրէ, ինքզինք կը մոռնայ եւ ընկերոջ ծառայելու կ’աշխատի: Աս է Եկեղեցւոյ պատկերը: Մենք՝ որպէս Եկեղեցւոյ հարազատ զաւակներ, հետեւ՛ինք Աստուածամօր օրինակին եւ միշտ պատրաստ ըլլանք մեր բոլոր կարողութիւնները ի գործ դնել, մանաւանդ աւետարանացումի ծառայութեան, Քրիստոսի սիրոյ աւելի լաւ ճանաչման. Ամէն:
|