Զմմառ, Լիբանան
Կիրակի, 17 յուլիսի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Զմմառու վանքին շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ եկեղեցական արարողութիւն մը, ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին նահատակուած Իգնատիոս եպս. Մալոյեանի երանացման10-ամեակին առիթով (2001 թուականին երանելի հռչակուած Յովհաննէս Պետրոս Բ. պապին կողմէ): Այս իւրայատուկ դէպքին ներկայ գտնուեցան մարոնի համայնքի Պշարա Րաաի պատրիարքը, կարդինալներ՝ Լէօնարտօ Սանտրի եւ Ռէնաթօ Ռաֆայէլ Մարթինօ, Լիբանանի պապական նուիրակ՝ Կապրիէլէ Քաչիա, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութենէն գերշ. Նարեկ եպս. Ալեմէզեան, ինչպէս նաեւ քաղաքական ու եկեղեցական մեծ թիւով անձնաւորութիւններ եւ հաւատացեալներ:
Այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ Պշարա Րաաի պատրիարքը յատուկ կերպով շեշտը դրաւ իրենց հաւատքին ու քրիստոնէութեան համար նահատակուած Իգնատիոս եպս. Մալոյեանի, անոր ընկերակիցներուն եւ հայ ժողովուրդին կողմէ մարմնաւորուած այն երեւոյթին վրայ, որ յաղթանակը կը պատկանի մահուան գնով իրենց հաւատալիքներուն կառչած ազգերուն, որոնք նաեւ գիտեն յարութիւն առնել եւ անմահանալ:
|
Րաաի պատրիարքը հաստատեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին նահատակուած մէկուկէս միլիոն հայերը յաղթանակի մարմնաւորումներն են, ինչպէս նաեւ դիտել տուաւ, թէ Մալոյեան եպիսկոպոս եւ հայ նահատակները ցոյց տուին, որ մահէն եւ անարդարութենէն աւելի քաջ են ու իրենց արեամբ աւելի խոր ցանեցին քրիստոնէութեան սերմերը: Ան ընդգծեց, որ պատմութիւնը պիտի չմոռնայ թուրքերուն կողմէ հայութեան դէմ կատարուած ոճրագործութիւնը:
Մարոնիներու պատրիարքը ապա անդրադարձաւ երանելի Իգնատիոս եպս. Մալոյեանի կեանքին ու նահատակութեան, դրուատեց անոր արժանիքները, որոնցմէ գլխաւորը իսկական քրիստոնեայ ըլլալն ու աղքատին, կարիքաւորին հասնելու նկարագրային գիծն էր: Անոր համաձայն, երանելին հաւատքի մարդ էր ու անոր պաշտպանը` կեանքի գնով, այդ պատճառով ալ կրցաւ վեհանալ, բարձրանալ պարզ կեանքէն ու նահատակութեան պսակը կրել: Րաաի պատրիարքը յատուկ կերպով լուսարձակի տակ առաւ նաեւ երանելի Մալոյեանի նահատակութեան պատկերը, երբ անկէ եւ իր ընկերներէն պահանջուեցաւ կրօնափոխ ըլլալ` իրենց կեանքը փրկելու համար, սակայն անոնք բուռն կերպով մերժեցին ու նահատակուեցան, իսկ Մալոյեան եպիսկոպոս իր սպանութեան պահուն անգամ քաջութիւնն ու կարողութիւնը ունեցաւ ձեռքը բարձրացնելու եւ օրհնելու իր հօտը:
Իր խօսքը շարունակելով` Րաաի պատրիարքը յայտնեց, որ հայ եկեղեցւոյ զաւակ երանելին ծառայեց ժողովուրդին, ենթարկուեցաւ իրմէ բարձր պաշտօն ունեցողներուն, պաշտպանեց մարդկային ամէն տեսակ իրաւունքներ, ընկերային արդարութեան համար պայքարեցաւ, օժտուած էր աստուածային արժանիքներով, Աստուծոյ սէրը պարուրած էր իր հոգին, այդ պատճառով ալ այսօր երկինքի արքայութեան մէջ ան իր ուրոյն տեղը ունի:
Իր խօսքի աւարտին ան կոչ ուղղեց քալելու երանելի Մալոյեան եպիսկոպոսի ուղիէն, ներշնչուելու անոր քրիստոնէական ամուր հաւատքէն:
Վատիկանի մէջ արեւելեան կաթողիկէ եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահ կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրի, իր արտասանած խօսքին մէջ անդրադարձաւ Մալոյեան եպիսկոպոսի արժանիքներուն, անոր նահատակութեան, ինչպէս նաեւ երանացման կարեւորութեան:
Արարողութեան աւարտին, Զմմառու Արծիւեան միաբանութեան կողմէ Մալոյեան եպիսկոպոսի ձեռքի խաչի նմանօրինակը յանձնուեցաւ Մարոնիներու Րաաի պատրիարքին, ինչպէս նաեւ երանելիին լուսանկարը կրող եկեղեցական իր մը: