Զմմառ, Լիբանան
Շաբաթ` 10 Նոյեմբեր 2007ին, տօնն էր սրբոց Միքայէլ, Գաբրիէլ − Ռափայէլ Հրեշտակապետներու: Այս առթիւ, Զմմառու վանքի վարչութիւնն ու ժառանգաւորները կազմակերպած էին Ս.Միքայէլ ընծայարանի տարեկան տօնակատարութիւնը: Հանդիսութիւնը սկսաւ Ս. Պատարագով գլխաւորութեամբ Ամեն. եւ Գեր. Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին: Պատարագը մատուցեց Վանքի մեծաւոր` Հ. Միքայէլ Թ.Ծ.Վ Մուրատեան, առընթերակայ էին Հ. Միքայէլ վրդ. Պասալէն ու Հ. Նարեկ վրդ. Լուիսեանը: Իր պատգամին մէջ` մեծաւոր հայրը շեշտեց Ս. Միքայէլի տօնին կարեւորութեան ի մասնաւորի ժառանգաւորներու կեանքին մէջ:
Պատարագէն ետք, նորընտիր վարչական հայրերը շնորհաւորութիւնները ընդունեցին ապա բոլորը միասին ուղղուեցան ընծայարանի սեղանատունը մասնակցելու բարեկամական աւանդական ագապին:
Ժառանգաւոր Սեւակ Պօղոսեան իր բացման խօսքին մէջ շեշտեց ընծայարանի մը կարեւորութեան մասին եւ շնորհակալական խօսքեր ուղղելէ ետք նախկին վարչական հայրերուն, ան մաղթեց որ ժառանգաւորները լաւագոյն կերպով օգտուին ներկայ վարչական հայրերուն փորձառութիւններէն Հայաստանի, Մոսկուաի, Սուրիոյ ու Լիբանանի մէջ: Ապա ժառանգաւորները ներկայացուցին շարք մը երգեր ու բանաստեղծութիւններ:
Տօնին առթիւ կարկանդակը կտրելէ ետք, մեծաւոր հայրը խօսք առնելով, նախ շնորհաւորեց բոլոր Միքայէլ, Ռափաէլ եւ Գաբրիէլ անուններ կրողները: Ապա շեշտեց ժառանգաւորներու դաստիարակութեան կարեւորութեան վրայ: Ան ըսաւ, թէ վարչութեան հիմնական մտահոգութիւնն է ընծայարանը: Հետեւաբար ան հրաւէր ուղղեց բոլոր ներկաներուն որոնք արդէն իսկ մեծ մասամբ ընծայարանի դաստիարակներն էին եւ միասնաբար է որ պիտի յաջողին պատրաստել իրենց յաջորդող սերունդը: Ապա Ամեն. Հոգեւոր Տէրը իր մաղթանքը ուղղելէ ետք ներկաներուն փակեց հանդիսութիւնը Տէրունական աղօթքով: