Ուրբաթ, 30 Ապրիլ 2010 - Ցեղասպանութեան 95-Ամեակի Ոգեկոչում` Հայ Կաթողիկէ Ս. Նիկողայոս Եկեղեցւոյ Մէջ


Հռոմ, Իտալիա

 

Շաբաթ
, 24 ապրիլին Հռոմի հայ կաթողիկէ սուրբ Նիկողայոս եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ նշուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 95-ամեակը։

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին նախագահութեամբ սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցեց Քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանի մեծաւոր՝ Հայր Յովսէփ Ծ. վրդ. Քելեքեան։


Պատարագի
աւարտին ժառանգաւորներու կողմէ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն ընթացքին երգուեցան «Կիլիկիա», «Տըլէ եաման», «Տէր կեցո դու զհայս» եւ «Բարի արագիլ» երգերը եւ ջութակի ընկերակցութեամբ նուագուեցաւ «Կռունկ» երգը։


Ձեռնարկին
յաջորդեց հոգեհանգստեան պաշտօն՝ եկեղեցւոյ հրապարակին վրայ Մեծ եղեռնի զոհերուն յիշատակին զետեղուած խաչքարին շուրջ, ուր խօսք առաւ Էմմանուէլ Ալիբրանտի՝ իտալերէնով բացատրելով օրուան պատգամը. իտալերէնով ընթերցուեցան նաեւ Ցեղասպանութեան մասին քաղաքական անձնաւորութիւններու վկայութիւնները։


Խօսք
առաւ նաեւ Ռուանտայի համայնքի ներկայացուցիչը, որ յուզումով գնահատեց հայութեան տարած աշխատանքները եւ քաջալերեց պայքարի շարունակումը՝ մինչեւ իրաւունքներու հատուցման օրը։ Խօսք առին նաեւ Հռոմի քաղաքապետարանի ընդհանուր ներկայացուցիչը՝ Ֆետերիքօ Ռոքքա եւ Հռոմի առաջին քաղաքապետարանի ներկայացուցիչ Քարլօ Իմփերի, որոնք հաստատեցին, որ հաստատ պիտի մնան իրենց դիրքերուն վրայ եւ պիտի աջակցին Հայ դատին ու պահանջատիրութեան։


Ապա օրուան պատգամը փոխանցեց Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս Կաթողիկոս Պատրիարքը: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ թէ պէտք չէ մոռնանք յարգել մեր նահատակները որոնք իրենց կեանքը զոհեցին Հայ եւ Քրիստոնեայ մնալու համար: Ան ըսաւ թէ երբ ընտանիք մը ունի մէկ նահատակ ապա որքա՞ն կարեւորութեամբ զայն կը յիշատակէ. Հայ ազգը ունի մէկ ու կէս միլիոն նահատակներ: Մենք չենք կրնար այս եղելութիւնը նմանցնել ուրիշ պատահածներու: Պէտք է զայն նշենք ամենայն կարեւորութեամբ:


Հոգեւոր Տիրոջ խօսքէն ետք արարողութիւնը վերջ գտաւ ներկաներուն ձեռքերուն մէջ գտնուող կարմիր վարդերու զետեղումով խաչքարին առջեւ:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ