Վատիկան
Հինգշաբթի, 3 Յունիս 2010-ին, Անատոլի Առաքելական Նուիրակ եւ Թուրքիոյ եպիսկոպոսաց խորհուրդին նախագահ՝ Գերյ. Լուիճի Փատովեզէ դաշոյնով յարձակումի մը ենթարկուելով սպաննուեցաւ Աղեքսանդրիոյ իր նստավայրին մէջ, հարաւային Թուրքիոյ մէջ, ինչպէս որ հաղորդեցին Սուրբ Աթոռի բամբերը: Ան 63 տարեկան էր: Անդամ էր Քաբուչի եղբայրներու միաբանութեան:
Յիշենք, որ այս աղէտալի դէպքը պատահեցաւ մէկ օր առաջ Սրբազան Քահանայապետ Բենեդիկտոս ԺԶ.ի Կիպրոս հովուական այցելութենէն: