Ժիւնի, Լիբանան
Հինգշաբթի 28 փետրուար 2013, երեկոյեան ժամը 7-ին, Ժիւնիի հայ կաթողիկէ սուրբ Աստուածածնայ Եկեղեցւոյ մէջ, հայր Եղիա վրդ. Դերձակեանի արաբերէն լեզուով գրած՝ «Կեանքի Ճանապարհին վրայ» գիրքի ներկայացումը տեղի ունեցաւ ներկայութեամբ հոգեւոր հայրերու, Զմմառու միաբանութեան ժառանգաւորներու, հայր Եղիային ծնողքին, պարագաներուն եւ «Tele Lumiere» հեռուստաընկերութեան:
Հանդիսութեան ներկայացումը կատարեց Տէր Ղազար սրկ. Պետրոսեան, որմէ ետք ներկայացուց փունչ մը հոգեւոր եւ ժողովրդական երգերու շարան մը:
Ապա բեմ բարձրացաւ պր. Հապիպ եունէսը, զորս գիրքին մասին ծանուցում մը կատարեց, որուն յաջորդեց հեղինակին սրտին խօսքը: Արարողութիւնը վերջ գտաւ Գիրքերու ստորագրութեամբ հայր Եղիային կողմէ: