Երկուշաբթի, 5 Դեկտեմբեր 2011 - CNEWA կաթողիկէ բարեգործական կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարը այցելեց Հ.Կ. Պատրիարքարան


Պէյրութ, Լիբանան

Երկուշաբթի, 5 դեկտեմբեր 2011, առաւօտեան ժամը 11-ին, «CNEWA» Մերձաւոր Արեւելքի օժանդակութեան համար կաթողիկէ բարեգործական կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար՝ մոնսինիոր Ճոն Քոզար, ընկերակցութեամբ հայր Կիտօ Կոքէլի եւ տիար Իսամ Պշարայի, այցելեց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ, հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ։ Հանդիպման ներկայ գտնուեցան հոգեւոր հայրեր, հայ կաթողիկէ կրթական ու ընկերաբժշկական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ։

Մոնսինիոր Քոզար ներկայացուց «CNEWA» կազմակերպութեան ընդհանուր գործունէութիւնն ու բարեսիրական ծրագիրները, որոնք կ՛օժանդակեն քրիստոնեայ հասարակութիւններուն ապահովելով անոնց կենսական կարիքները։ Ան նշեց որ կազմակերպութիւնը, նիւթական ու բարեսիրական օժանդակութիւններուն կողքին, կը քաջալերէ քրիստոնեայ հասարակութիւնները գործելու ի սպաս խաղաղութեան, մանաւանդ Միջին Արեւելքի մէջ, ուր մեծ թիւով մարդիկ կը կորսնցնեն իրենց մշակոյթն ու ինքնութիւնը հալածանքներուն ու կեանքի դժուար պայմաններուն պատճառաւ։ Մոնսինիոր Քոզար անդրադարձաւ նաեւ կազմակերպութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն ներկայիս, տնտեսական տագնապալի պայմաններուն եւ մարտահրաւէրներուն լոյսին տակ։

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր կարգին ներկայացուց հիւր հոգեւորականներուն Հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հաստատութիւնները, որոնք հովուական, կրթական եւ բարեսիրական բնոյթ ունին։ Ան պարզեց դժուարութիւնները եւ մարտահրաւէրները, որ կը դիմագրաւեն այս հաստատութիւնները Լիբանանի մէջ 1975-էն ի վեր, երկրի քաղաքական անկայուն եւ դժուար պայմաններուն պատճառաւ։

Ապա տեղի ունեցան միջամտութիւններ ներկաներէն, որոնք լուսաբանական հարցումներ ուղղեցին պատուիրակութեան եւ ներկայացուցին իրենց պահանջքն ու կարիքները։

Նշենք, որ «CNEWA» կաթողիկէ կազմակերպութիւնը հիմնուած է 1926-ին Պիոս ԺԱ.Քահանայապետի հրամանագրով։ Ան կը գործէ մարդկային եւ հովուական օժանդակութեան համար Մերձաւոր Արեւելքի տարբեր շրջաններուն մէջ (Միջին Արեւելք, հիւսիս-արեւելեան Ափրիկէ, Հնդկաստան եւ արեւելեան Եւրոպայ), նպաստելով յատկապէս քրիստոնեայ կարիքաւոր հասարակութիւններուն եւ բարեգործական  ծրագիրներուն։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ