Երկուշաբթի, 31 Մայիս 2010 - Հայրապետական Պատգամ - Փակում Մայիս ամսուայ ջերմեռանդութեան


Զմմառ
- 30.5.2010

 

Շատ սիրելի Քահանայ եղբայրներ, Առաքինափայլ քոյրեր,

Հանգամաւոր անձնաւորութիւններ, եւ բարեպաշտ ուխտաւորներ,

 

Այսօր ես եկած եմ Զմմառ, Աստուածամօր Վերափոխման նուիրուած այս դարաւոր սրբավայրը, որպէսզի Երկնաւոր Մօր յանձնեմ մեր նուիրապետութեան մէջ ծառայող բոլոր եկեղեցականները։

Եկած եմ Զմմառ իմ եղբայրակից քահանաներուն հետ, որպէսզի միասին համապատարագենք, եւ վայելենք անգամ մը եւս Աստուածամօր ներկայութիւնը այս վարին մէջ եւ անոր մայրական հովանաւորութիւնը։

Եկած եմ Զմմառ, որպէս ուխտաւոր ձեզի նման, այս տարեկան ուխտագնացութեան օրուան առիթով, ուր ձեզմէ շատեր գտան սուրբ Կոյս Մարիամին քով հզօր բարեխօս մը Աստուծոյ մօտ։

Եկած եմ Զմմառ ձեր բոլորին հետ, աղօթելու վշտահար բոլոր մարդոց համար, ընկճուած տեսակ տեսակ խեղճութիւններու եւ ցաւերու տակ, եւ ասոնք շատ են։

Եկած եմ Զմմառ, այս նուիրական վանքը, որպէսզի Յիսուսի բոցավառ սէրը վերարծարծէ քահանաներու, նուիրեալ հոգիներու եւ յանձնառու հաւատացեալներու սրտին մէջ սիրոյ կայծը՝ սուրբ Աւետարանը կրկին ու կրկին քարոզելու տենչով՝ մեր ընտանիքներուն, մեր երիտասարդներուն եւ մեր պատանիներուն, յատկապէս յուսալքուածներուն եւ Յիսուսի խօսքին կարօտեալներուն, որպէսզի բոլորն ալ գտնեն հարկաւոր լոյսը, խաղաղութիւնը եւ յոյսը՝ թէ ներկայի եւ թէ մանաւանդ՝ ապագայի իրենց կեանքին համար։

Երկու շաբաթէն, պիտի կատարենք փակումը Քահանայական Տարուան, որ Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը հռչակեց համայն կաթողիկէ ժողովուրդին՝ աշխարհի բոլոր քահանաներուն զօրակցութեան՝ իրենց վսեմ եւ նուիրական կոչումին եւ սրբազան պաշտօնին համար։

Այսօրուայ սուրբ Աւետարանը լսեցինք, ուր Յիսուս կ՚ըսէ. «Եթէ մէկը զիս կը սիրէ՝ իմ խօսքս պիտի պահէ, եւ Հայրս պիտի սիրէ զինք եւ անոր քով պիտի գանք եւ մեր բնակարանը հաստատենք անոր մօտ» (Յովհ. 14,23)։ Յիսուս ուղղեց այս խօսքերը իր բոլոր ժամանակներու աշակերտներուն, այսինքն նաեւ մեզի։ Մեզմէ ո՞վ չի փափաքիր որ Աստուած իր սրտին մէջ բնակի։ Ամէնքս կը փափաքինք. բայց կ՚արժէ հոս տեղ խղճի քննութիւն կատարել եւ տեսնել թէ որքանով կը ջանանք Յիսուսի խօսքը պահել մեր ամենօրեայ մտածումներուն եւ շարժումներուն մէջ, որպէսզի Յիսուսը եւ Երկնաւոր Հայրը գան եւ մաքուր բնակարան գտնեն մեր մօտ։

Ամբողջ Մայիս ամսուայ ընթացքին, առիթ ունեցանք խոկալու սուրբ Վարդարանի խորհուրդներուն մասին, որոնք մեզի ապրեցնել տուին Յիսուսի եւ Աստուածամօր կեանքին կարեւոր հանգրուանները, կապուած ուղղակիօրէն մեր փրկագործութեան հետ։ Սուրբ Վարդարանի աղօթքը, երբ մեքենական կրկնութեան բանաձեւ մը չառնէ, կը դառնայ լուրջ խորհրդածութիւն մը սուրբ Գիրքին մասին։ Ան մեզի կ՚օգնէ վերապրելու Յիսուսի կեանքին կարեւոր դէպքերը՝ սուրբ Կոյս Մարիամին հետ միասին, եւ Մարիամի նման՝ սորվելու պահել Աստուծոյ Խօսքերը մեր սրտին մէջ։

Իցի՜ւ թէ վարդարանը աղօթելու բարեպաշտ սովորութիւնը չդադրի Մայիս ամիսէն ետք, այլ շարունակուի նոյն եռանդով առանձին կամ տուներուն մէջ, որպէսզի, օրինակ առնելով մեր Երկնաւոր Մօրմէն, մեր հաւատքի լոյսը շողայ միշտ աւելի մեր սրտին մէջ եւ մեր օճախներուն մէջ։ Մտածեցէք պահ մը որ Երանելի Յովհաննէս ԻԳ. սրբազան Քահանայապետը, իր բազմաթիւ զբաղուներով հանդերձ, ժամանակ կը գտնէր ամէն օր երեք վարդարան աղօթելու։

Իր ուխտագնացութեան առիթով Ֆաթիմայի սրբավայրին, այս ամսոյն սկիզբը, Բենեդիկտոս ԺԶ. սրբազան Քահանայապետը կ՚արտայայտէ իր գլխաւոր մտահոգութիւնը, ըսելով. « Ինծի թոյլ տուէ՛ք որ սիրտս բանամ ձեզի, ըսելու համար որ իւրաքանչիւր քրիստոնեայի, մանաւանդ նուիրեալ ամէն անձի, գլխաւոր մտահոգութիւնը պէտք է ըլլայ հաւատարմութիւնը եւ ուղղամտութիւնը, ամէն մէկը իր պաշտօնին մէջ, որպէս հարազատ աշակերտ, որ կը փափաքի հետեւիլ Յիսուսին։ Ապրուած հաւատարմութիւնը կը կոչուի սէր՝ գիտակից, ճշմարիտ եւ խոր սէր հանդէպ Քրիստոսի։

Սակայն, կոչումին հաւատարիմ ըլլալու պայմանը, կ՚ըսէ սրբազան Հայրը, կը պահանջէ ամէն հաւատացեալէն մտերմութիւն ունենալ Քրիստոսին հետ, սուրբ խորհուրդներով եւ մանաւանդ՝ յարատեւ աղօթքով։

Սրբազան Պապը կը խնդրէ յատուկ կերպով նուիրեալ հոգիներէն, որ աշխարհին առջեւ վկայութիւն տան, թէ այս կեանքէն ետք ուրիշ կեանք մը կայ։ Դժբախտաբար, կ՚աւելցնէ սրբազան Հայրը, շատեր կ՚ապրին, կարծէք թէ անդենական կեանք չկայ եւ չեն մտահոգուիր իրենց յաւիտենական փրկութեան մասին։ Արդ, մարդիկը կոչուած են կառչելու Աստուծոյ, անոր ճանաչումին եւ անոր անհուն սիրոյն։ Եւ Եկեղեցին պաշտօն ունի ամէն մարդու օգնելու այս կենսական հարցին մէջ։

Արս գիւղի սուրբ Ժողովրդապետը Աստուծոյ կ՚աղօթէր այս խօսքերով. «Տէ՛ր, ըրէ՛ որ ժողովրդապետութիւնս դարձի գայ քեզի եւ ես, այս նպատակին համար, պատրաստ եմ չարչարուելու մնացած կեանքիս օրերը, որչափ որ ուզես»։ Ան՝ ամէն ինչ ըրաւ որպէսզի սթափեցնէ մարդիկը իրենց գաղչութենէն եւ թմբրութենէն, եւ զիրենց դարձնէ Աստուծոյ»։ Սրբազան Պապը կը մատնանշէ սէրը որ կ՚ոգեւորէր Արսի Ժողովրդապետը եւ անոր սրտի գթութիւնը, երբ կ՚ըսէ. «Իր քահանական եռանդով, Արսի սուրբ Ժողովրդապետը գթասիրտ էր բոլոր մեղաւորներուն հանդէպ՝ Յիսուսի նման։ Ան կը նախընտրէր իրենց հետ խօսելու ատեն աւելի պնդել Աստուծոյ գթութեան վրայ, որուն դիմաց, կ՚ըսէր, մեր մեղքերը փոքր ենաւազի հատիկներունպէս »։ Կը վախնար որ քահանաները «անգզայ» դառնան եւ կամ վարժուին հաւատացեալներու անպարբերութեան առջեւ։ Կ՚ըսէր. «Վա՛յ այն հովիւին, որ լուռ կը մնայ տեսնելով Աստուած նախատուած, եւ կամ երբ կը ձգէ որ հոգիները կորսուին»։

Սրբազան Պապը կը քաջալերէ քահանայական եղբայրութիւնը։ Կ՚ըսէ. «Կոչումին հաւատարիմ ըլլալը կը պահանջէ քահանաներէն մեծ քաջութիւն։ Ասոր համար, քահանաները պէտք է գիտնան միացնել իրենց ուժերը, եւ կ՚աւելցնէ. Հոգածութիւն ունեցէ՛ք իրարու հանդէպ եղբայրական սիրով՝ մէկը միւսին նեցուկ դառնալով։ Միասին աղօթելու եւ սերտելու պահերը հարկաւոր բաժին պէտք է ունենան ձեր զբաղումներուն մէջ։ Որքա՜ն կարեւոր է որ իրարու օգնէք աղօթքով եւ օգտակար խորհուրդներ տալով»։ Վերջապէս, Սրբազան Պապը կը խրախուսէ քահանաները որ մտահոգուին երիտասարդներու կոչումին մասին։

Ո՜վ սուրբ Կոյս Մարիամ կ՚ուզենք նուիրել մենք զմեզ քու մայրական Սրտիդ, հաւատարմօրէն կատարելու համար Աստուծոյ կամքը։ Քեզմէ առաջնորդուած, կ՚ուզենք աստուածային գթութեան առաքեալներ ըլլալ, ուրախութեամբ մատուցանել ամէն օր սուրբ Պատարագը, ինչպէս նաեւ բոլոր փափաքողներուն՝ շնորհել ապաշխարութեան խորհուրդը։

Օգնէ՛ մեզի, ո՜վ սուրբ Կոյս Մարիամ, քու հզօր բարեխօսութեամբդ, որպէսզի տեղի չտանք եռասիրութեան եւ աշխարհի հրապոյրներուն, կամ չարի թելադրութիւններուն։ Քու մաքրութեամբդ մեզ պահպանէ՛։ Քու խոնարհութեամբդ մեզ պարուրէ՛։ Քու մայրական սիրովդ աւելցո՛ւր մեր սրտին մէջ սէրը եւ նուիրումը։

Ո՜վ եկեղեցւոյ Մայր, մենք, քահանաներս կ՚ուզենք բարի հովիւներ ըլլալ, որոնք չեն արածեր իրենք զիրենք, այլ կը նուիրեն իրենց բոլոր ուժերը հաւատացեալներուն բարիքին համար, եւ կը գտնեն այս նուիրումին մէջ իրենց գոհունակութիւնը եւ երջանկութիւնը։

Ո՜վ Աստուածամայր, մի՛ ձանձրանար քահանաներս մխիթարելէ եւ մեզի նեցուկ կանգնելէ ամէն ատեն։ Մեզ ազատէ՛ վհատութենէ եւ ամէն վտանգէ որ կը սպառնայ մեր կոչումին։        

Այս Հոգեգալստեան շրջանին ընթացքին, թո՛ղ սուրբ Հոգին հեղու մեր վրայ իր առատ շնորհքները եւ պարգեւէ մեզի բազմաթիւ կոչումներ. Ամէն։

 

+ Ներսէս Պետրոս ժԹ.

Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ