Պքերքէ
Պքերքէի մէջ գումարուած մարոնիթ եկեղեցւոյ ընտրական Սիւնհոդոսը այսօր երեքշաբթի 15 մարտ 2011-ի առաւօտեան ժամը 10.50-ին յայտարարեց ընտրութիւնը Անտիոքի աթոռին վրայ եւ մարոնիթ եկեղեցւոյ 77-րդ նոր պատրիարքը յանձին Պըշարա Րաիին՝ Ժպեյլի (Պիպլոս) եպիսկոպոսին:
Ընտրութեան յայտարարութենէն ետք Մար (Տէր) Պըշարա Պուդրոս Րաաի սիւնհոդոսական հայրերու հետ մտաւ պատրիարքարանի եկեղեցին, ուր նոր ընտրուած պատրիարքը շնորհակալական խօսքեր արտասանեց եւ գոհաբանական աղօթք բարձրացուց առ Աստուած: Ան որպէս բնաբան առաւ իր հովուապետական շրջանին համար «հաղորդութիւն եւ սէր»:
Րաաի Պատրիարք անցեալ տարիներուն եղած է նախագահը Լիբանանի պատրիարքներու եւ եպիսկոպոսներու ժողովի հաղորդամիջոցներու յանձնախումբին, եւ առ այդ գործակցած մեր կայքէջի տնօրէնութեան հետ:
Հայ Կաթողիկէ պատրիարքարանի լրատուական եւ հաղորդամիջոցներու մեծ ընտանիքը ուրախութեամբ կ'ընկալէ այս լուրը մաղթանքներուն միացնելով աղօթքներ առ Աստուած նոր պատրիարքին անձին համար, Լիբանանին համար եւ մանաւանդ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն համար: