Երկուշաբթի, 19 Օգոստոս 2013 - Զմմառու ուխտաւորները վերահաստատեցին իրենց անհուն սէրն ու յարգանքը Աստուածածնին

Զմմառ

Սովորամոլ աւանդութիւն մը կատարելու համար չէ որ  Կիրակի, 15 Օգոստոսի առաւօտեան, հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը լեցուցած էր  Զմմառու վրանածածկ շրջաբակը ներկայ գտնուելու համար  Աստուածածնայ տօնի հանդիսաւոր սուրբ Պատարագին եւ խաղողօրհնէքին, այլ  վերահաստատելու համար իր անհուն սէրն ու յարգանքը Տիրամօր եւ հայցելու անոր հովանաւորութիւնը ու բարեխօսութիւնը Որդւոյն՝ Աստուծոյ մօտ որպէսզի զօրացնէ մեզ մեր հաւատքին մէջ։
Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Հոգեւոր Տիրոջ կողմէ մատուցուած սուրբ Պատարագին ընդմիջումը երկու ժառանգաւորներու՝ Պարգեւի եւ Տիգրանի կիսասարկաւագի  աստիճանի տուչութեան ծիսական հոգեպարար  արարողութեամբ, առիթ մը եղաւ հաւատացեալ հասարակութեան համար աղօթելու երկու նորընծաներու կոչումին եւ կատարած յանձնառութեան քահանայութեան աստիճանով նուիրագործումին համար։
 Հայր Մովսէս Տօնանեանի եւ Հայր Գրիգոր Պատիշահի առընթերակայութեամբ մատուցուած սուրբ Պատարագին, ինչպէս նաեւ երկու ժառանգաւորներու փոքր կարգերու տուչութեան  եւ հուսկ խաղողօրհնէքի  աւանդական եւ խորիմաստ արարողութեան շուքը բարձրացուց «Կռունկ» պատրիարքական երգչախումբը խմբավարութեամբ Դոկտ. Եդուարդ Թորիկեանի։

Յընթացս սուրբ Պատարագին, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը տուաւ հետեւեալ պատգամը.-
«Այս առաւօտ, մենք հաւաքուած ենք Զմմառու դարաւոր վանքի մէջ, վերափոխեալ Աստուածածնին առջեւ մեր երախտագիտութիւնը յայտնելու համար Աստուծոյ, որ իր Միածին Որդիին մայրը՝ Մարիամ մեզի տուաւ որպէս երկնաւոր մայր, որպէսզի Ան, մօր հոգածութեամբ, մեզի օգնէ ամէն օր աւելի աճելու մեր հաւատքին մէջ, դիմագրաւելու համար առօրեայ անխուսափելի դժուարութիւնները եւ ազատ կամքով առնելու մեր վճռական որոշումները:
Մենք այսօր եկած ենք, սիրելիներ, մեր երկնաւոր Մօր հովանիին ներքեւ աղօթելու, վստահութեան հոգիով, որ Ան մեզ պիտի առաջնորդէ որպէսզի աւելի միացած դառնանք իր սիրասուն որդիին՝ Յիսուսին հետ: Եւ եթէ Անոր չդիմենք, եղբայրներ եւ քոյրեր, Ինք որ Աստուածամայրն է, որո՞ւ  դիմենք:
Մայրերը իրենց զաւակները կը հոգան, որպէսզի լաւ մեծնան: Անոնց պէտք եղած դաստիարակութիւնը կու տան եւ զանոնք կը կրթեն, որպէսզի անոնք կայտառ աճին ու կարող ըլլան պատասխանատուութիւններ ստանձնելու եւ միշտ ձգտելու բարձր իտէալի:
Սուրբ Ղուկասի աւետարանը կը պատմէ, որ Յիսուսն ալ «կ'աճէր, եւ կը զօրանար լի իմաստութեամբ, եւ Աստուծոյ շնորհքը անոր վրայ էր» (Ղկ. 2, 40): Ինչպէս Յիսուսին հետ, մեր Երկնաւոր Մայրը նոյնպէս կը վարուի մեզի հետ: Ան մեզի կ'օգնէ որպէսզի աճինք հաւատքին մէջ, որ զօրաւոր ըլլանք ու չտկարանանք փորձութեան առջեւ եւ չըլլանք մակերեսային քրիստոնեաներ, այլ՝ որպէսզի ապրինք պատասխանատուութեան հոգիով եւ միշտ ձգտինք լաւագոյնին:
Ամէն մայր կը մտահոգուի իր զաւակներուն ֆիզիքական եւ մտային առողջութեան մասին, եւ կ'աշխատի զիրենք առողջ կերպով կրթելու՝ որպէսզի դիմագրաւեն կեանքի դժուարութիւնները: Ուստի, հոգածութիւն չէ խնդիրներէն խուսափիլ, կարծէք թէ կեանքի ճամբուն վրայ խոչընդոտներ չըլլային: Ընդհակառակը, ողջամիտ մայրը կը դաստիարակէ իր զաւակները դժուարութիւնները յաղթահարելու հեռանկարով: Ան չի տանիր զիրենք միայն յարդուած  ճամբաներէն, այլապէս անոնք պիտի մեծնան նկարագրով տկար եւ մեղկ: Եւ ոչ ալ մայրը կը ձգէ իր զաւակը արկածալից ճամբաներուն վրայ, որովհետեւ ատոնք ալ վտանգաւոր են իրեն համար: Երկու ծայրայեղութիւններն ալ վնասակար են: Ողջամիտ մայրը գիտէ հաւասարակշռել հարցերը: Առանց մարտահրաւէրի՝ կեանք գոյութիւն չունի: Եւ տղան կամ աղջիկը որ չի գիտեր մարտահրաւէրը դիմագրաւել՝ կը նմանի մարմնի մը առանց ողնայարի:
Յիշենք բարի սամարացիին առակը: Յիսուս մեզի իբր օրինակ չի տար վարուելակերպը քահանային կամ ղեւտացիին, որոնք այլ եւ այլ պատճառներու համար չուզեցին ստանձնել գողերուն ձեռքը ինկած մարդուն պարագան: Մինչ սամարացին, տեսնելով դժբախտ մարդուն վիճակը, կացութիւնը կը դիմագրաւէ եւ զանազան պատասխանատուութիւններ յանձն կ'առնէ: Կը կարդանք նաեւ Ղուկասու աւետարանին մէջ, որ Մարիամ դժուար ժամանակներ անցուց իր կեանքին ընթացքին՝ երբ Յովսէփին հետ Բեթղեհէմ մեկնեցաւ արձանագրուելու համար Օգոստոս կայսէր հրամանին համաձայն: Մարիամ յղի էր եւ անոր ծննդաբերութեան ժամանակը հասած էր: Եւ չգտնելով տեղ իջեւանին մէջ, անասուններու կերակուրի մսուրի մը մէջ զետեղեց նորածին Յիսուսը (Ղկ 2, 7): Նոյնպէս, Մարիամ ծանր ժամանակ անցուց երբ դիտեց իր սիրեցեալ եւ անմեղ որդին՝ Յիսուս Խաչին վրայ գամուած, եւ իր հոգին կ'աւանդէ (Յով 19, 25): Մարիամ, ցաւագին մայր կոչուեցաւ, որովհետեւ շատ դժուարին ժամանակներ անցուց իր կեանքին ընթացքին:
Մէկ խօսքով, մեր երկնաւոր մայրը՝ Մարիամ մեզ կը դաստիարակէ իրեն նմանելու, այսինքն կարող ըլլալու վճրական որոշումներ առնելու, աշխարհի մը մէջ ուր կը տիրէ անորոշութիւնը եւ փտութիւնը: Մարիամ մեզի կ'օգնէ ինչպէս կարեւոր որոշումներ  առնել, ազատ եւ գիտակից ձեւով, ինչպէս Ան իր Այո՛ն հաստատ կամքով արտասանեց Աստուծոյ ծրագրին, արտայայտուած հրեշտակին միջոցաւ, երբ ըսաւ. «Ես Տիրոջ աղախինն եմ, թող ըլլայ ինծի քու խօսքիդ համաձայն» (Ղկ 1, 38): Սիրելիներ, դիւրին չէ լուրջ որոշումներ առնել, եւ ամէն օր Աստուծոյ կամքին Այո՛ ըսել:
Յոյժ սիրելի եղբայներ եւ քոյրեր, այսօր մենք հաւաքուած ենք հոս վկայ դառնալու համար երկու երիտասարդներու, որոնք Աստուծոյ ձայնը լսելով, քաջութիւնը ունեցան Անոր կոչին իրենց այո՛ն հնչեցնելու եւ անդամակցեցան Զմմառու Պատրիարքական դարաւոր Միաբանութեան: Ասոնք Աստուծոյ Խօսքը եւ սէրը պիտի քարոզեն, առաւելաբար հայազգի զաւակներուն, որոնք, ամէն մարդու նման կը փնտռեն սէր, երջանկութիւն, եւ խաղաղութիւն: Որովհետեւ միայն Յիսուս կրնայ մեզի շնորհել այս գոհարները սուրբ Եկեղեցւոյ միջոցաւ, իր նուիրեալ առաքեալներուն բերնով:
Այսօր, Պարգեւ եւ Տիգրան, երկու երիտասարդ ժառանգաւորները, իրենց երկնաւոր մօր՝ Մարիամի օրինակին հետեւելով, կարեւոր որոշում մը առին: Բայց այս վճռական որոշումին հասնելու համար, Զմմառու վանքը՝ Մեծաւոր Գերապայծառը, տեսուչները եւ միաբան հայրերը երկար տարիներով առաջնորդեցին զիրենք այս վսեմ ճամբուն վրայ:
Այսօր, սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, կ'ուզենք Ամենաբարին Աստուծոյ գոհաբանական աղօթք բարձրացնել այդ կոչին համար: Կ'ուզենք նաեւ Վերափոխեալ աննման երկնաւոր Մօր մեր երախտագիտութիւնը յայտնել, ինչպէս նաեւ Զմմառու բոլոր հայրերուն սրտագին մաղթանքներ արտասանել: Յատուկ բարեմաղթութիւններ կ'ուզենք յայտնել նաեւ Պարգեւի եւ Տիգրանի ծնողած եւ հարազատներուն:
Թո՛ղ Աստուած բազմացնէ Զմմառեան առաքեալները եւ զօրացնէ անոնց հաւատքը Աստուծոյ փառքին եւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ բարգաւաճումին համար. Ամէն»:

    


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ