Ուրբաթ, 30 Հոկտեմբեր 2009 - Ցաւակցագիր Գարեգին Բ. Վեհափառին

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իմանալով վախճանումը Գարեգին Բ. Վեհափառին հօր, հետեւեալ ցաւակցագիրը յղեց առ սուրբ Էջմիածին:

Պէյրութ, 30 Հոկտեմբեր 2009

Դիւան թիւ 276/09

Նորին Սուրբ Օծութիւն
Տ.Տ. Գարեգին Բ.
Ծայրագոյն Պատրիարք
Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց
Մայր Աթոռ սուրբ Էջմիածին

Վեհափառ Տէր,

Ցաւով տեղեկացանք Ձեր եւ Հայ Եկեղեցւոյ Ռուսաստանի Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Եզրաս Սրբազանի սիրեցեալ հօր, Գրիգոր Ներսիսեանի վախճանումին: Եղբայրական սիրոյ զգացումով կը բաժնենք Ձեր վիշտը: Վստահ ենք, որ Տիրոջ մխիթարանքը պիտի զօրացնէ Ձեզ եւ պիտի թեթեւցնէ Ձեր հօր կորստեան կսկիծը: Վստահ ենք նաեւ, որ Տէրը իր արքայութեան հանգիստին պիտի արժանացնէ այն, որ Հայ Եկեղեցւոյ եւ Ազգին շնորհեց Մայր Աթոռ սուրբ Էջմիածնի գահակալ Հայրապետ մը:

Վեհափառ Տէր, այսօր մեր աղօթքներով պիտի միանանք Ձեր հոգեւոր եղբայրներուն եւ համայն սգակիր հաւատացեալներուն, որոնք պիտի գան իրենց վշտակցութիւնը յայտնելու Ձեզի եւ ամոքելու Ձեզ

Եղբայրական սիրոյ զգացումներով՝

 

+ Ներսէս Պետրոս ժԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ
Կաթողիկէ Հայոց


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ