Պէյրութ
Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ ուրբաթ, 30 նոյեմբեր 2012-ին, Կոկիկեան հիմնարկի կազմակերպած արաբերէն շարադրութեան «Պայան» մրցանքին առաջին դիրքը գրաւեց Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտուհի Սանտրա Չէօլմէքեանը, որ գրած էր փտածութեան երեւոյթին մասին տպաւորիչ գրութիւն մը: Մրցանքին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին 12 լիբանանահայ վարժարաններէն աշակերտներ:
Նշեալ իրագործումը արդիւնքն է աշակերտ - ծնողք - ուսուցիչ - տնօրէնութիւն գործակցութեան եւ կազմակերպուած ու հետեւողական աշխատանքին: Նշեալ չորս օղակներէն մէկուն գործնական առումով բացակայութիւնը բաւարար է, որ գործը ձախողի կամ ամբողջական կերպով չիրագործուի:
Այս առիթով, շնորհակալութիւն կը յայտնենք, ուսուցիչներուն եւ կրթական պատասխանատուներուն, որոնք իրենց բոլոր կարելիութիւնները ի գործ կը դնեն` իրականացնելու կրթական նպատակները: Մեր շնորհաւորութիւնները կը փոխանցենք Սանտրա Չէօլմէքեանի ծնողքին, որոնք բծախնդրութեամբ եւ քայլ առ քայլ կը հետեւին իրենց զաւակին գործունէութեան:
Վերջապէս, լիայոյս ենք, որ այս ձեռքբերումը կը հանդիսանայ իրերայաջորդ նուաճումներուն համար խթանիչ եւ քաջալերական ուժ:
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ