Չորեքշաբթի, 3 Դեկտեմբեր 2014 - Ուխտագնացութիւն դէպի Լուրտ (Ֆրանսա) 2015-ին

 

Փարիզ

Առաջնորդութիւն Կաթողիկէ Հայոց Ֆրանսայի

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէր,

Գերապայծառ Հայր,

Գերյարգելի, Գերապատիւ Հայրեր

Առաքինազարդ Քոյր,

 

Աստուծոյ հայրական օրհնութեամբ եւ մեր երկնային մօր մայրական ժպիտով, կը գրեմ ձեզի այս երկտողը իմացնելու համար թէ Ֆրանսայի Թեմս, Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, կը կազմակերպէ մարեմեան ուխտագնացութիւն մը դէպի Լուրտ ուխտավայրը, որպէսզի հոն միասնաբար աղօթենք նահատակներուն դիտաւորութեան եւ ապագայ մեզմէ պահանջուած առնելիք միջոցառումներուն յաջողութեան համար ի սպաս մեր ազգին իրաւունքներուն ընդունման եւ հատուցման:

 

Լիայոյս եմ որ պիտի ընդառաջէք հրաւէրին, եւ ձեր կազմակերպութեամբ պիտի քաջալերէք ձեր հաւատացեալները մասնակցելու այս հաւաքական ուխտագնացութեան ի սէր մեր նահատակ հայրերուն ու մայրերուն:

 

Ուխտագնացութիւնը տեղի պիտի ունենայ 13-16 մայիս 2015-ին, որուն ընթացքին պիտի աշխատիմ խնդրել Լուրտի Առաջնորդէն Երանելի Մալոյանին նկարը զետեղել Սուրբ Պիոս Ժ.-ի պազիլիքին մէջ ի շարս միւս ամէնազգի նահատակներուն:

 

Կանխայայտ շնորհակալութիւն ձեր բոլոր ջանքերուն այս աստուածահաճոյ ծրագրին պատրաստութեան յաջողութեան համար:

 

Մնամ աղօթարար եղբայր քահանայութեամբ՝

 

+ Յովհաննէս Վրդ. Թէյրուզեան

Առաջնորդ Ֆրանսայի

 

Փարիզ, 24 Նոյեմբեր 2014

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ