Ուրբաթ, 23 Նոյեմբեր 2012 - Լիբանանի անկախութեան նուիրուած տօնակատարութիւն Մեսրոպեան վարժարանին մէջ

Պուրճ Համմուտ

Այսօր, չորեքշաբթի, 21 նոյեմբեր 2012-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի անկախութեան իւրայատուկ հանդիսութիւն, մասնակցութեամբ լիբանանեան բանակի մասնայատուկ ուժերու դիմադրութեան ջոկատին եւ ներկայութեամբ Լիբանանի գաղտնի սպասարկութեան Լեռնալիբանանի պատասխանատու դերգնդապետ Փիեռ Սաապի, դիմադրութեան ջոկատի քափիթեն Ռօժէ Շըտիտի, Երեսփոխանական գրասենեակի պատասխանատուի պրն. Պարոյր Տէր Ղուկասեանի, Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Սարգիս վրդ. Դաւիթեանի, կրթական պատասխանատուներու եւ Մեսրոպեան բարձրագոյն եւ արուեստից վարժարաններու աշակերտութեան:

Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Սանտրա Չէօլմէքեան, որ նշեց, թէ 22 նոյեմբերը անմոռանալի օր մըն է` պատիւի, ազատութեան եւ անկախութեան օրն է: Չէօլմէքեան հաստատեց, որ այսօր անկախութիւնը պահելու մարտահրաւէրը գոյութիւն ունի, եւ այս առնչութեամբ աշակերտութիւնը ունի մեծ պարտականութիւն:Ապա Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտութիւնը եւ երգչախումբը (խմբավարութեամբ պրն. Մանուէլ Քէշիշեանի) ներկայացուցին կոկիկ գեղարուեստական յատագիր մը, որուն ճամբով աշակերտները արտայայտեցին Լիբանանին նկատմամբ իրենց կարծիքներն ու կեցուածքները:

Տօնակատարութեան երկրորդ բաժինով, Լիբանանեան բանակի մասնայատուկ ուժերու դիմադրութեան ջոկատը տողանցքով սկսաւ զինուորական վարժութիւններուն ցուցադրութիւնը: Վարժարանի տանիքներէն պարաններով եւ յատուկ ձեւերով իջնելու ցուցադրութիւնը կատարելէ ետք, ջոկատը զրահապատի մը ընթացքը դադրեցնելու փորձը ներկայացուց: Վերջին բաժինով, զինուորները կրակէ օղակին մէջէն անցնելու եւ ինքնապաշտպանութեան յատուկ ձեւերու փորձեր կատարեցին: Այս ոգեւորիչ մթնոլորտը աշակերտութեան մօտ յառաջացուց մեծ խանդավառութիւն:

Աւարտին, խօսք առաւ հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ, որ նշեց, թէ Լիբանանեան բանակը երկրի ապահովութեան միակ երաշխիքն է, եւ որուն բացակայութեամբ երկրին կայունութիւնը կը վտանգուին: Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնը յայտնեց, որ բանակը իրաւունքի պաշտպանութեան ուժն է, հայրենիքի պահապանն է, որ հպարտութեան զգացումը կը փոխանցէ լիբանանցիներուն: Պրն. Գալուստ շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանեան բանակի մասնայատուկ ուժերուն, որոնք ընդառաջեցին Մեսրոպեան վարժարանի հրաւէրին եւ իրենց ներկայութեամբ անկախութեան տօնակատարութեան տուին գոյն, եռանդ եւ իւրայատկութիւն: Այս առիթով, պրն. Կրէկուար Գալուստ գնահատանքի յուշանուէր մը յանձնեց քափիթեն Ռօժէ Շըտիտին, մինչ «Ալիս Ներկիզեան» մանկամսուրին աշակերտները ծաղիկներ նուիրեցին զինուորներուն:

Յայտնենք, որ ժամը 11-ին, Մեսրոպեան վարժարանի երկրորդական դասարաններու աշակերտները դիտեցին Լիբանանեան բանակի մասնայատուկ ուժերուն նուիրուած երկու տեսերիզներ, որոնց մասին զեկուցեց եւ յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցեց քափիթեն Ռօժէ Շըտիտ:

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ