Չորեքշաբթի, 25 Յուլիս 2012 - Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան Ընդհանուր Ժողով Հռոմի մէջ


Հռոմ

20 յուլիսէն մինչեւ այսօր տակաւին, Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան Հռոմի մայր տան մէջ տեղի կ'ունենայ միաբանութեան ընտրական ընդհանուր ժողովը: Սոյն ժողովին բացումը կատարեց սուրբ Պատարագով ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը, եւ նախագահեց առաջին օրուան աշխատանքներուն։ Այս ընտրական ժողովին մասնակցեցան աշխարհի չորս կողմերէն 23 միաբան քոյրեր, որպէս ներկայացուցիչ բոլոր միաբան քոյրերուն: Ժողովի նիստերուն ընթացքին կայացաւ միաբանութեան մեծաւորուհիի ու խորհրդականներու ընտրութիւնը, որուն արդիւնքով միաբանութեան ընդհանուր մեծաւորուհի վերընտրուեցաւ մայր Եւտոքսիա Քէշիշեանը, իսկ խորհրդականներ ընտրուեցան՝ քոյր Անայիս Գըրըգեան՝ առաջին խորհրդական եւ ընդհանուր փոխանորդուհի. քոյր Լուիզա Գասարճեան՝ ընդհանուր մատակարար. քոյր Ռիթա Զապպարեան՝ խորհրդական. քոյր Էմմա Մուսայեան՝ ընդհանուր քարտուղար:

Յիշենք, որ Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու միաբանութիւնը հիմնուած է  Կ. Պոլսոյ մէջ 5 յունիս 1843-ին, Անտոն Պետրոս Թ. Հասունեան պատրիարք կարդինալի նախաձեռնութեամբ եւ մայր Սրբուհի Հաճի Անտոնեանի աջակցութեամբ։ Միաբանութիւնը կանոնապէս ճանչցուեցաւ ու հաստատուեցաւ Հայ Կաթողիկէ պատրիարքական կոնդակով տրուած՝ 5 յունիս 1847-ին, իսկ քահանայապետական կոնդակով՝ 11 յունիս 1932-ին։ Անարատ Յղութեան հայ քոյրերը այսօր կը գործեն 11 երկիրներու մէջ եւ ի սպաս հայ Եկեղեցւոյ կը կատարեն աւելի քան 26 առաքելութիւններ, որոնց  մեծ մասը դաստիարակչական է:

Կայքէջիս տնօրէնութիւնն ու անձնակազմը կը շնորհաւորէ մեծաւոր մայրը, վարչական քոյրերն ու բոլոր հայ քոյրերը, մաղթելով անոնց բարի աշխատանք հայ Եկեղեցւոյ ի սպաս եւ կ'աղօթէ առ ամենաբարի Հովիւն, որ տայ նորանոր կոչումներ կրօնաւորական այս առաքինազարդ միաբանութեան:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ