Կիրակի, 19 Մայիս 2013 - Սուրբ Վարդարանի Տիրամօր Այնճարի Հայ Կաթողիկէ վերանորոգ Եկեղեցւոյ բացում

 Այնճար

 
Կիրակի, 19 մայիս 2013, Հոգեգալստեան տօնին, երեկոյեան ժամը 6.00-ին, Այնճարի մէջ սկիզբ առաւ «Սուրբ Վարդարանի Տիրամայր» ժողովրդապետական եկեղեցւոյ հանդիսաւոր վերաբացումը։

 

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը կէսօրէ ետք ժամանեց Այնճար, ուր մեծ շքախումբով զինք դիմաւորեցին տեղւոյն ժողովրդապետ հայր Մեսրոպ վ. Թոփալեան, Այնճարի քաղաքապետ պրն Կարապետ Փամպուքեան եւ ՀՄԸՄ Այնճարի շեփորախումբը։ Հայկական աւանդութեան համաձայն տեղի ունեցաւ բարի գալուստի ընդունելութիւնը հացով եւ աղով։ Ապա ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը եւ իրեն ընկերակցող շքախումբը ուղղուեցան դէպի նորոգուած եկեղեցւոյ գաւիթը «Հրաշափառ» շարականի ընկերակցութեամբ:  

 

Որմէ ետք, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը օծեց եկեղեցւոյ նորակառոյց խորանը, հոն զետեղելով երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի մասունքը, ներկայութեամբ Այնճարահայութեան եւ մեծ թիւով անձնաւորութիւններու։

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ շքանշանի տուչութեան արարողութիւնը, որուն ընթացքին ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը արտասանեց հետեւեալ խօսքը։

«Արհիապատիւ Գերապայծառ Տէր

Գերյարգելի, Գերապատիւ եւ Արժանապատիւ հայրեր

Պետական, ազգային անձնաւորութիւններ եւ մամլոյ ներկայացուցիչներ

Պատուարժան Ճապուրեան  ընտանիքի հարազատներ եւ պատուական հիւրեր,

 

Սուրբ Եկեղեցիին, Քրիստոսի Խորհրդական Մարմինին անդամ անդամուհիները կը կազմենք մենք՝ մեռոնաբոյր ջուրով կնքուածներս եւ Սուրբ Հոգիին իւղով դրոշմուածներս: Ուստի պարտաւորութիւնն ունինք գեղեցկացնելու եւ բարեզարդելու Աստուծոյ  թէ՛ արտաքին տաճարը՝ եւ թէ՛ մեր հոգիները սրբութեամբ ու վայելչութեամբ։

 

«Իմ տունս՝ աղօթքի տուն պիտի ըլլայ» (Ես 56, 7 ; Ղկ 19, 46), կը հրահանգէ Տէրը, այսինքն՝ Եկեղեցին պաշտամունքի եւ երկրպագութեան ամէնէն պատշաճ վայրը պէտք է ըլլայ։

 

Ներշնչուելով սաղմոսերգուին խօսքէն եւ մեր Տիրոջ հրահանգին անսալով, մէկուկէս տարուայ ընթացքին նորոգեցինք, վերաշինեցինք եւ գեղակերտեցինք Աստուծոյ այս տաճարը, որ մակագրուած է «Սուրբ Վարդարանի Տիրամայր»-ին։

 

Երբ քիչ առաջ կ'օծէի այս նորաշէն խորանը, մտաբերեցի այն նուիրական պահը, երբ իմ երջանկայիշատակ նախորդներէս՝ Վսեմափայլ Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան Կաթողիկոս Պատրիարքը, 14 Նոյեմբեր 1954-ին օծեց այս նորակերտ եկեղեցին, որ դարձաւ աղօթքի տունը եւ Այնճարի հասարակութեան վայրը։

 

Այս սրբազան պահուն, հոգելոյս Աղաճանեան Հոգեւոր Տիրոջ անունին հետ, խնկաբոյր աղօթքով եւ երախտագիտութեամբ կը յիշենք այն հանգուցեալ եւ ապրող վարդապետները, եւ ի մասնաւորի ներկայ ժողովրդապետը՝ Հայր Մեսրոպ Ծ.Վ. Թոփալեան, որոնք անձնուիրաբար ծառայեցին եւ կը ծառայեն մեր զաւակներուն եւ այս պանծալի գիւղին՝ Այնճար։

 

Ստուգիւ, Այնճարի մէջ աշխատած հոգեւորականներուն, մայրապետներուն եւ անոնց աշխարհական աջակիցներուն կը պարտինք այսօրուայ աստուածահաճոյ եւ ազգօգուտ օրը, որ կոչուած է մնալու պատմական թուական մը Այնճարի տարեգրութեան եւ մեր Եկեղեցիին ժամանակագրութեան մէջ։

 

Պատշաճ է այս առիթով սրտաբուխ երախտագիտութեամբ ընդունիլ եւ դրսեւորել, որ, Աստուծոյ օրհնութեամբ եւ Աստուածամօր միջնորդութեամբ, այս գեղեցիկ օրը կը պարտինք այն բոլոր նուիրեալ անձերուն, որոնք իրագործեցին այս շինարարական ձեռնարկը, որոնց առաջինն է մեր Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիին հաւատացեալ զաւակը, զոր պարգեւատրելու համար հաւաքուած ենք հոս՝ Մագիստրոս Գրիգոր Ճապուրեան:

 

Պր. Ճապուրեան մարաշցի հօր եւ մուսալեռցի մօր բարեպաշտութիւնը եւ աշխատասիրութիւնն ժառանգեց ծնողական յարկէն, որուն իրենց արդիւնաւէտ մասնակցութիւնը եւս բերին այն դպրոցները, ինչպէս՝ Մեսրոպեան եւ Վիեննական Մխիթարեան վարժարանները, զորոնք յաճախեց 1966-1973 տարիներու ընթացքին։ Յետոյ, Ֆրանսայի մէջ երկրորդականի ուսումը վերջացնելէ ետք 1975-ին, Հայաստանի մէջ «Երեւանի Պետական Փօլիթեքնիք Ինստիտուտ»-ը 1981-ին աւարտեց «Մագիստրոս» աստիճանով՝ իբր ելեկտրական ճարտարագէտ։

 

Տիար Ճապուրեան, որ ամուսնացած է Քրիսթին Ճօնսին հետ, իր միջազգային մակարդակով յաջողած, լաւ ճանչցուած ու յարգուած անձնաւորութիւն մըն է, թէ՛ իր բազմաճիւղ ասպարէզին եւ թէ՛ իր ընկերային շրջապատին մէջ։

 

Ան որպէս աստուածավախ եկեղեցասէր, ազգասէր եւ հայրենօգուտ հայ մարդ եւ կաթողիկէ, հաւատարմութեամբ կը կատարէ իր ամենօրեայ աղօթքները՝ սնունդը անոր հոգիին եւ ազդակն անոր յաջողութեան։

 

Տիար Գրիգոր Ճապուրեա՛ն, այս Ձեր արտաքին ու ներքին բարեմասնութիւններուն եւ Ձեր բարեգործութիւններուն համար, Նորին Սրպութիւն Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը Ձեզ արժանի համարեց պարգեւատրել «Մեծն Սուրբ Գրիգորի Ասպետի Քահանայապետական Շքանշան»-ով:

 

Այս պատուաբեր պարգեւատրումին առիթով, սրտանց կը շնորհաւորենք Ձեզ եւ Ձեր ազնուափայլ տիկինը, հոս ներկայ Ձեր քոյրն ու եղբայրները իրենց ընտանիքներով, ինչպէս նաեւ Ձեր բոլոր հարազատներն ու բարեկամները, բայց նաեւ Ձեր եւ Մեր Այնճարը, Ձեր եւ Մեր Համայնքը։

 

Յոյժ սիրելիներ, այս պատուաբեր պարգեւատրումին առիթով, ձեզ բոլորդ կ'օրհնենք եւ կ'աղօթենք կրկնելով մեր Սուրբ Պատարագէն այս ամենօրեայ խնդրանքը բարեխօսութեամբ Սուրբ Աստուածածնին, ըսելով. «Դուն, որ կ'օրհնես Քեզ օրհնողները, ո՜վ Տէր, եւ կը սրբացնես Քեզի ապաւինողներս, փրկէ՛ Քու այս ժողովուրդդ եւ օրհնէ՛ այս ժառանգութիւնդ։ Պահպանէ՛ ամբողջութիւնը Քու Եկեղեցիիդ։ Սրբացո՛ւր այն բոլորը, որոնք սիրով ողջունեցին Քու Տունիդ վայելչութիւնը». Ամէն։

 

Խօսքէն ետք Հոգեւոր Տէրը պատուեց եկեղեցւոյ նորոգութեան բարերար Գրիգոր Ճապուրեանը, քահանայապետական «Մեծն Սուրբ Գրիգորի Ասպետի» շքանշանով։

 

Պարգեւատրումէն
ետք, խօսք առաւ պարգեւատրեալը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Քահանայապետին եւ Հոգեւոր Տիրոջ, ինչպէս նաեւ տեղւոյն ժողովրդապետին, որոնք զինք պատուեցին այսպիսի մեծ պատիւով մը։

Գրիգոր Ճապուրեան ծնած է Լիբանան. ան զբաղած է միջին արեւելեան առեւտուրով, մանաւանդ 30 տարիներէ աւելի Արաբական Էմիրութիւններու մէջ, միջազգային յարաբերութիւններու մեծ ցանց մը ստեղծելով, դիւանագիտական, վաճառականական եւ ընկերային շրջանակներուն մէջ։ Բարերարը մեկենաս է նաեւ բազմաթիւ հրատարակութիւններու:

 

Շքանշանի տուչութեան արարողութենէն ետք խօսք առաւ վերանորոգ եկեղեցւոյ ճարտարապետ պրն. Վազգէն Նիւրբէթլեանը, որ բացատրեց եկեղեցւոյ նորոգութեան աշխատանքային հանգրուաններուն մասին։

 

Յաջորդաբար հանդէս եկաւ երաժշտական ելոյթով պրն. Համբարձում Ճապուրեանը, գանատահայ նշանաւոր երաժիշտ եւ վարպետ տուտուք նուագող։ Անոր կ'ընկերանային խումբ մը երաժիշտներ, որոնք ներկայացուցին հայկական դասական երաժշտութենէն փունջ մը գլուխ-գործոցներ՝ Կոմիտասէն, Խաչատուրեանէն եւ Սպէնդիարեանէն։

 

Աւարտին, պատուոյ հիւրերը մասնակցեցան ընթրիքին Այնճարի «Արեւ» շքեղ ճաշարանին մէջ։ Այս առթիւ խօսք առաւ ժողովրդապետ հայր Մեսրոպ վ. Թոփալեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց նուիրատուներուն եւ մասնակցողներուն։ Քաղաքապետը խօսք առաւ եւ անոր աւարտին անյճարի շքաշանը կախեց բաբերարին կուրծքին Անճարահայութեան անունով: Ապա արաբերենով ելոյթ ունեցաւ Գերյ. Հ. Գէորգ Ծ.Վ. Եղիայեանը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց բաբերարին եւ նուիրատուներուն անոնցմէ յատկապէս յիշելով Ֆաթթուշ եղբայրները, Տօքթ. Փօլ Եղիայեան եւ Մագ. Ժոզէֆ Թոփալեան:

 

Ժողովրդապետ հայրը օրուան պարգեւատրեալին նուիրեց Մեծն Սուրբ Գրիգորի Ասպետի սուրը, եւ քահանայապետական օրհնագիրներ յանձնեց ճարտարապետ՝ պրն. Վազգէն Նիւրբէթլեանին եւ աջակիցներուն:   

 

Նշենք, որ այս առիթով պատրաստուած էր գրքոյկ մը, որ կը պարունակէր օրուան արարողութիւնները, ինչպէս նաեւ պարգեւատրեալին, արուեստագէտին եւ ճարտարապետին կենսագրականները։

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ