Զալքա, Լիբանան
Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Գէորգ Հարպոյեան եւ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարաններու տնօրէնութիւններուն եւ հովանաւորութեամբ Իտալիոյ Պրեշիա քաղաքի «Տի.Էմ.Էս.Օնլուս» միութեան, շաբաթ, 5 Դեկտեմբեր 2009-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Գ. Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի մանկապարտէզի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ «Բարեսիրական բացիկներ Գ. Հարպոյեան եւ Մեսրոպեան վարժարաններէն» աշակերտական նկարչական գործերու մրցում-ցուցահանդէսի բացման հանդիսութիւնը՝ ներկայութեամբ կրթական պատասխանատուներու, ուսուցիչներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:
Ցուցահանդէսի բացման պաշտօնական արարողութենէն ետք ներկաները հաւաքուեցան Հայ կաթողիկէ սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ, ուր տեղի ունեցաւ պաշտօնական հանդիսութիւն եւ
մրցանակաբաշխութիւն:
Այնուհետեւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Գ. Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Ռիթա Պոյաճեան ըսաւ, թէ բացիկներու ցուցահանդէսը արդէն վերածուած է աւանդութեան մը, որ լաւագոյն առիթն է աշակերտներուն՝ խորհրդածելու եւ ստեղծագործելու Ամանորին եւ սուրբ Ծնունդին մասին: Իր կարգին Իտալիոյ Պրեշիա քաղաքի «Տի.Էմ.Էս.Օնլուս» միութեան ներկայացուցիչ Անճելօ յայտնեց, որ աշակերտները երկրի ապագայ սերունդներն են, որոնց պէտք է թիկունք կանգնիլ՝ ապահովելու համար իրենց փայլուն ապագան: «Տի.Էմ.Էս.Օնլուս» միութեան ներկայացուցիչը նշեց, որ հետեւողական աշխատանքը յաջողութեան լաւագոյն միջոցն է:
Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութեան արարողութիւն, որուն ընթացքին մանկապարտէզի, նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտները տարբեր խումբերու ընդմէջէն ստացան պարգեւներ: