Լիբանան
Կիրակի՝ 11 Յունաուր 2009-ին առաւօտեան ժամը 10:30-ին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն յաւարտ Սուրբ Պատարագի՝ ողբացեալ Անդրանիկ Աշգարեանին, Աւետման Ս. Կուսի Եկեղեցւոյ մէջ, Աշրաֆիէ, Պէյրութ: Օրուան պատարագը մատուցեց եւ քարոզը փոխանցեց Ս. Կուսին Աւետման ժողովրդապետ՝ Հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան, ներկայութեամբ Արհի. Հայր Վարդան եպս. Աշգարեանի:
Անդրանիկ զաւակը Գէորգի եւ Զարուհիի, եղբայրը Ալիսի, Աւետիսի եւ Վարդանի, Անդրանիկ Աշգարեան ծնած է Մուսա Լերան Խտրպէկ գիւղը 1929 թուին: Ունի 4 մանջ եւ 30 տարի է կ’ապրի Միացեալ Նահանգներու Լոս Անճըլըս նահանգին մէջ: Անդրանիկ Աշգարեան մահացաւ Հինգշաբթի 8 Յունուար 2009-ին, սրտի երկարատեւ հիւանդութենէ ետք:
Ս. Պատարագէն ետք, Գերապայծառ Հայրը եւ հանգուցեալի պարագաները ցաւակցութիւնները ընդունեցին պատրիարքական դահլիճին մէջ մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00: Հանգուցեալի պարագաները ցաւակցութիւններ պիտի ընդունին նաեւ Երկուշաբթի՝ 12 Յունուար 2009-ին հանգուցեալի եղբօր՝ Աւետիսի բնակարանը, Պուրճ Համուտի մէջ:
Կայքէջիս տնօրէնութիւնը և քարտուղարութիւնը ցաւակցութիւնները կը յայտնեն Արհի. Վարդան եպս. Աշգարեանին եւ հանգուցեալի պարագաներուն, աղօթելով առ Աստուած որ անոր հոգին ընդունի արքայութեան մէջ: