Երկուշաբթի, 16 Ապրիլ 2012 - Սուրբ Յարութեան տօնը Հալէպի մէջ


Հալէպ

Կիրակի, 8 ապրիլ 2012, Բերիոյ հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ արհի. Պետրոս արք. Միրիաթեան հայրապետական սուրբ Պատարագ մատոյց սուրբ Յարութեան տօնին առիթով:
Յընթացս սուրբ Պատարագին տուած քարոզին մէջ, Գերապայծառ  յայտնեց թէ Քրիստոսի յարութիւնը հիմնադիր դէպքն է քրիստոնեայ կրօնքին։ Քրիստոնեայ Եկեղեցին հիմնուեցաւ եւ յառաջ գնաց Յարութեան աւետումով, որ յիշուեցաւ առաքեալներու գործերուն մէջ։ Ան աւելցուց, թէ Եկեղեցւոյ ծագումէն ի վեր, Յարութեան աւետարանը հանդիսացաւ առաքելական աւետարանացումի կեդրոնը, ինչպէս որ առաքեալները վկայեցին Քրիստոսի խաչելութեան ու յարութեան մասին ամբոխներուն առջեւ։ Գերապայծառ տէրը ընդգծեց, թէ Յարութեան հաւատքը կը շնորհէ մեղքերու թողութիւն, որովհետեւ ամէն հաւատացեալ յարուցեալ Քրիստոսին մէջ կը գտնէ փրկութիւնը։ Առաքեալները աւետեցին Քրիստոսի Յարութիւնը ամէնուրեք մինչեւ հեռաւոր շրջաններ՝ Ասիոյ եւ Եւրոպայի մէջ, վկայեցին յարուցեալ Քրիստոսի մասին, որ յաղթեց մահուան, եւ նահատակուեցան յանուն այս հաւատքին։
Առաջնորդ Հայրը կոչ ուղղեց վերապրելու Քրիստոսի յարութիւնը մեր հոգիներուն մէջ, վերանորոգելով մեր քրիստոնէական հաւատքը եւ փառաբանելով յարուցեալ Տէրը մեր աղօթքներուն մէջ։ Ան ըսաւ թէ այս սուրբ Յարութեան տօնին լուսաւորուինք հաւատքի, սիրոյ եւ խաղաղութեան յոյսով, աղօթենք հայրենիքի փրկութեան ու խաղաղութեան համար, որպէսզի ծագի մեր երկրի բարենորոգումի, արդարութեան եւ հաւասարութեան արշալոյսը։ Գերապայծառ տէրը խնդրեց, որ այս սուրբ տօնին, մեր աղօթքներուն մէջ յիշենք բոլոր անոնք, որոնք նահատակուեցան կամ վնասուեցան երկրի խռովալի դէպքերուն ընթացքին, եւ կոչ ուղղեց միութեան եւ համերաշխութեան հայրենիքի բոլոր հատուածներուն միջեւ Աստուծոյ հովանիին տակ։ 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ