Յոյժ Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,
Քառասնորդաց ժամանակը, քառասուն օրուայ ծոմի եւ աղօթքի շրջանը որպէս պատրաստութիւն Զատկուայ Տօնին, վերջ կը գտնէ Ծաղկազարդի նախօրեակին: Այսօր, կը սկսինք Աւագ Շաբաթը, որ իր պսակումը պիտի ունենայ Ս. Յարութեան տօնին օրը: Մեր մայրը Ս. Եկեղեցին մեզ կը հրաւիրէ ջերմեռանդութեամբ ապրելու այս շաբթուան մեծ խորհուրդները: Չկորսնցնե՛նք ոչ մէկը այս կարեւոր արարողութիւններէն:
Այսօրուայ Աւետարանը մեզի կը ներկայացնէ Յիսուսի մուտքը Երուսաղէմ նստած աւանակի մը վրայ, որպէս հեզ եւ խոնարհ թագաւոր: Զարմանալի տեսարան, որուն սակայն վարժուեցանք: Նախապէս թագաւորները կը հեծնէին ձին, որպէս կորովի նշան եւ երբեք աւանակը: Եւ այսօր իսկ, կան մարդիկ որ Յիսուսի խոնարհութիւնը չեն հասկնար, այլ կը փնտռեն պատիւ, փայլուն դիրք ու շրջանակ, յաղթական ու ուժեղ կեցուածք: Մինչ Յիսուս եւ անոր հարազատ աշակերտները հեռու են այսպիսի շլացումներէ եւ փայփայանքէ, ու իրենք զիրենք նուաստացուցած չեն զգար: Յիսուսի հետեւորդը համեստ կ’ըլլայ եւ արտաքին երեւոյթին քիչ կարեւորութիւն կու տայ:
Յիսուս իր հեզութեամբ բնաւ բռնի ոյժով բան մը չի պահանջեր մեզմէ, այլ մեր սրտի դուռը կը զարնէ եւ մեծ համետութեամբ կը սպասէ մեր պատասխանին: Ասոր համար փափուկ սիրտ ունեցողները կը հասկնան զինք եւ հիացում կ’ունենան անոր հեզ վարուելակերպի վրայ: Ճշմարտութիւնը լուրջ փնտռողները զինք կը գտնեն եւ իրմէ զմայլած աւելի կը մօտենան իրեն: Առատաձեռն հոգիները իրեն կը հետեւին տրամադրելով իրենց բոլոր կարողութիւնները՝ Եկեղեցւոյ ծառայել եւ ուրիշներուն մանաւանդ կարիքաւորներուն օգտակար ըլլալ: Տառապեալները իրմով սրտի մխիթարութիւն կը ստանան եւ հանդարտօրէն կ’ընդունին իրենց ցաւերը: Ուղեկորոյսները ուղիղ ճամբան կը վերագտնեն լսելով իր խօսքերը, եւ շատ անգամ ուրիշներ ալ կը քաշեն իրենց հետ: Կը տեսնէք ուրեմն որ ամէն մարդ կրնայ իր հոգիին ծարաւը յագեցնել Յիսուսի ճանաչումով եւ անոր մտերմութեան մէջ:
Երուսաղէմի ժողովուրդը տեսնելով Յիսուս իրենց հագուստները ճամբու վրայ տարածեցին, այսինքն իրենց կեանքի ապահովութենէն զրկուեցան՝ ի տես Յիսուսի որպէս փրկիչ: Մենք որ արդէն իր աշակերտներն ենք, ի՞նչ պիտի տրամադրենք Յիսուսին: Ոմանք իրենց կամքը Անոր պիտի տրամադրեն՝ կատարելու համար այն ինչ որ իրենցմէ կը սպասուի՝ այսինքն նուիրում տան մէջ, գործին մէջ, ժողովրդապետութեան մէջ եւ կամ մարդոց հոգեւոր ծառայութեան մէջ իբր քահանայ: Ոմանք իրենց գիտութիւնը պիտի տրամադրեն մարդոց ցաւերը մեղմացնելու՝ ուսումնասիրուած եւ կազմակերպուած միջոցներով: Ուրիշներ ալ՝ իրենց ժամանակը պիտի տրամադրեն հոն ուր կը կանչուին կամ ուր յայտնի կարիք կայ իրենց:
Շատեր կը կարծեն թէ Աստուած իրենց հոգերէն ու ցաւերէն հեռու է, եւ բնաւ տեղեակ չեն որ Աստուած օգնութեան կը հասնի անոր որ իրեն կը դիմէ: Ուրիշներ կը կարծեն թէ Աստուած խիստ դատաւորի նման գաւազանը բռնած կը պատժէ յանցաւորը, եւ չեն գիտեր որ
Աստուած բարեգութ հայր մըն է ու կը սպասէ որ յանցաւորը ետ գայ իր սխալ ճամբայէն, ինչպէս անառակ որդիին հայրը սպասեց մինչեւ որ իր հեռացած զաւակը ետ տուն դարձաւ: Մեր հայազգի զաւակներուն մէջ ալ կան մարդիկ որոնք տակաւին կ’ապրին այսպիսի սխալ ու անճիշդ գաղափարներով: Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի եւ անոր հարազատ հետեւորդներուն նման կարիքը ունինք այսօր եւս նուիրեալ հոգիներու, որոնք ճանչցած ըլլան ճշմարտութիւնը Աստուծոյ մասին, թէ հայր է ու բարեգութ եւ կ’ուզէ որ ամէն մարդ երջանիկ ըլլայ ու խաղաղ կեանք ունենայ:
Այսօրուայ Աւետարանը օրինակը կու տայ 2 կոյրերուն, որոնք կը պոռան ու կ’աղաչեն Յիսուսին որ զիրենք բուժէ: Յիսուս գթաց անոնց վրայ եւ բուժեց զանոնք: Բայց չմոռնանք որ անոնք Յիսուսէն օգնութիւն խնդրեցին, որովհետեւ կը հաւատային Յիսուսին կարողութեան վրայ: Շատեր չեն ստանար օգնութիւն պարզապէս որովհետեւ չեն խնդրեր: Եւ չեն խնդրեր որովհետեւ չեն հաւատար թէ Յիսուս կրնայ իրենց օգնել: Եթէ այս 2 կոյրերը նոյնը մտածած ըլլային կոյր պիտի մնային: Ուրիշներ կը կարծեն թէ իրենք իրենձմէ ամէն բան կրնան ընել եւ երկինքէն բան մը չեն սպասեր: Կոյրերը պոռացին: Պոռալ Ս. Գիրքի հասկացողութեամբ կը նշանակէ աղօթել պնդումով եւ յարատեւ կերպով: Դուք ալ աղօթեցէք անընդհատ կերպով եւ պիտի տեսնէք Աստուծոյ գործերը: Յիսուս մեզի կը թելադրէ յստակ կերպով ըսելով՝ «Խնդրեցէք եւ պիտի տրուի ձեզի, բախեցէք եւ պիտի բացուի ձեզի»:
Աւետարանը կ’ըսէ թէ՝ «բազմութիւնը կը սաստէր կոյրերը որ լռէին, իսկ անոնք դեռ աւելի բարձր կը պոռային» Ո՞վ է այս բազմութիւնը որ կ’ուզէ արգիլել մէկու մը որ Յիսուսի մօտենայ եւ բուժուի: Շատ անգամ անմիտ ազգականներ կամ ծանօթներ, հոգեւոր կեանքի անփորձ մարդիկ: Ուրիշ անգամ՝ խաբէական թելադրութեամբ Սատանայի կողմէ, որ կ’ուզէ մեզ հեռացնել Յիսուսէն, որպէսզի իրեն պէս դժբախտ ըլլանք:
Ս. Պօղոսի յորդորէն իմացանք թէ Աստուած կ’ուզէ որ ուրախ ըլլանք ամէն ժամանակ: Նոյնիսկ ցաւի մէջ կրնայ ուրախ ըլլալ ան որ կ’ապրի Տիրոջ մտերմութեան մէջ, եւ կը հասկնայ իր ցաւերուն իմաստն ու արժէքը, մանաւանդ Աստուածամօր նայելով՝ խաչին ոտքը կեցած: Օրինակներ շատ կան կեանքէն առնուած որ կը փաստեն թէ այս կէտին մէջ, ինչպէս ամէն կէտին մէջ, Աստուծոյ խօսքը ճշմարիտ է եւ ցնորք չէ: Ուրիշ անգամ պատմած եմ հետեւեալ յուզիչ օրինակը, որուն ականատես եղած եմ: Իտալիա՝ Կոդոլենկօ քաղաքին մէջ, անբուժելի պարագաներու նշանաւոր հիւանդանոցին մէջ կար պառաւ մը որ 30 տարիէ ի վեր անկողին գամուած էր անդամալոյծ, որ ձախ ձեռքը միայն կրնար շարժել: Այս կինը ընդունած էր իր ցաւալի վիճակը առանց տրտնջելու: Երեսին վրայ պզտիկ ժպիտ մը կար եւ ձախ ձեռքով Ս. Վարդարանի հատիկները կը դարձնէր:
Ամէն տարուայ պէս այս տարի եւս Սրբ. Քահանայապետը պիտի ընդունի երիտասարդները Ծաղկազարդի տօնին առիթով եւ իրենց հայրական խօսք պիտի ուղղէ: Այս տարուայ քսանմէկերորդ Միջազգային Օրուան բնաբանը Սաղմոսէն առնուած է, որ կ’ըսէ՝ «(Տէր), Քու խօսքդ իմ ոտքերուս ճրագ է, ու իմ շաւիղներուս՝ լոյս» (Սղ. 118, 105): Իմաստութեան այս խօսքը օգտակար է ոչ միայն երիտասարդներուն, այլ նաեւ բոլորիս համար:
Սաղմոսերգուն կը նկատէ Աստուծոյ Օրէնքը որպէս լոյս իր քայլերուն համար, իր կեանքի յաճախ մթքնած ճանապարհին համար: Իսկ Աստուծոյ խօսքը լուսատու է եւ կ’օգնէ մարդուն: Ով որ յաճախ Աստուծոյ խօսքը կը կարդայ եւ անոր մասին կը խորհրդածէ աւելի խաղաղ կեանք ունի եւ կը հասկնայ կեանքի ելեւէջները՝ ըլլան ընտանեկան, տնտեսական կամ քաղաքական առանց վրդովելու կամ այլայլելու: Ան՝ պարագաները կը տեսնէ ու կը հասկնայ, կարծես Աստուծոյ աչքով:
Աստուծոյ խօսքը մարդը ազատ կը կացուցանէ տարածուած սխալ գաղափարականներէն ուր աշխարհը կը խարխափի: Յիսուս արդէն մեզ զգուշացուցած է, ըսելով՝ «եթէ մնաք Իմ խօսքիս մէջ, իսկապէս Իմ աշակերտներս էք եւ պիտի ճանչնաք ճշմարտութիւնը, եւ ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ» (Յովհ.Ը.31-32)?: Ս. Յակոբ սակայն մեզ կ’ազդարարէ Աստուծոյ խօսքը միայն լսելով չգոհանալ, այլ պէտք է զայն ի գործ դնել. կը գրէ՝ «Հեզութեամբ ընդունեցէք խօսքը որ սերմանուեցաւ ձեր մէջ եւ որ կարող է փրկել ձեր հոգին: Գործադրեցէք այս խօսքը եւ մի՛ ըլլաք լոկ ունկնդիրներ, որոնք իրենք զիրենք կը խաբեն: Ով որ խօսքը կը լսէ եւ զայն չի գործադրեր, կը նմանի մարդուն որ կը դիտէ իր դէմքը հայելիին մէջ: Նայելով կը տեսնէ ինքզինք, կը մեկնի եւ իսկոյն կը մոռնայ թէ ինչպէս էր: Իսկ ընդհակառակն՝ ով որ կը սեւեռէ իր նայուածքը ազատութեան օրէնքին վրայ եւ անոր հաւատարիմ կը մնայ, եւ ոչ որպէս մոռացկոտ ունկնդիր, այլ՝ կը կատարէ զայն, այնպիսին կը գտնէ երջանկութիւնը» (Ա. Յովհ. 1,21-25): Վերջապէս, Յիսուսին խօսքը կու գայ պսակելու համար վերոյիշեալ խորհրդածութիւնները: Ան կ’ըսէ՝ «Ով որ լսէ իմ այս խօսքերը ու կը գործադրէ, նման է իմաստուն մարդուն, որ իր տունը շինեց ժայռի վրայ» (Մտթ. Է. 24):
Սիրելիներս, Ծաղկազարդի տօնը, Յիսուսի գալուստն է աշխարհ, մարդոց մէջ սփռելու համար խաղաղութիւն եւ միասնականութիւն: Արդէն ձիթենիի ճիւղերը որ պիտի օրհնենք խորհրդանիշը դարձան խաղաղութեան իմաստին: Եղէք դուք խաղաղութեան գործիչներ ամէն տեղ ուր քէն, խռովութիւն եւ կամ անհասկացողութիւն կայ, որպէսզի վայելէք աստուածային Երանութիւնը, որ կ’ըսէ՝ «Երանի խաղաղարարներուն, որովհետեւ անոնք Աստուծոյ որդիներ պիտի կոչուին» (Մտթ.Ե. 9): Ամէն: