Ուրբաթ, 27 Յուլիս 2012 - Դեսպան Քոչարեան Հոգեւոր Տիրոջ յանձնեց նախագահ Ս. Սարգսեանի հրաւէրը

Պէյրութ

26 յուլիս, 2012-ին, Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան այցելեց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին եւ անոր յանձնեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրը` Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովի երկրորդ նիստին մասնակցելու վերաբերեալ: Նշեալ նիստին, որ պիտի կայանայ ընթացիկ տարուայ Սեպտեմբերին, Երեւանի մէջ, պիտի կատարուի ամփոփումը անցած ամիսներուն յանձնաժողովի քարտուղարութեան կատարած աշխատանքներուն եւ պիտի քննարկուին  Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառումներուն վերաբերող կազմակերպական շարք մը հարցեր:

Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ